Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետեր կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: