Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ
2020 թուականը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով նշելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը: Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան…