ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։

 

Պատարագի աւարտին, լուսարարապետ Սրբազան Հայրը Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը եւ յանձնեց Նորին Սրբութեան։ Հայրապետը, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց տուները տարին, որպէսզի լուսաւորուին Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսով։

 

Ապա, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն։

 

Յայտնենք, որ Պատարագէն առաջ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Մայրավանքի Կիրակնօրեայի աշակերտները եւ աւետեցին Քրիստոսի ծնունդը՝ շարականներու երգեցողութեամբ։