ԱԲԵՂԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութան Դպրեվանքի շրջանաւարտներէն Բարշ. Ճորճ Սրկ. Պրիխանեանին՝ վերանուանելով Տ. Մանուկ աբեղայ։   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդութեան համաձայն, միաբանութեան կապուած բոլոր ձեռնադրութիւնները եւ վարդապետական…

ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին միջեւ։   Հանդիպումէն ետք Վեհափառ Հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ նախագահ Սարգիսեանին։