Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները՝ գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին։
Առաջնորդ սրբազանը, առաջին հերթին, իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ 100 միլիոն լիբանանեան ոսկի յատկացուց հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Լիբանանի այժմու կացութեան ծիրէն ներս թեմը դիմագրաւող դժուարութիւնները ու յատկապէս Ազգ. Վարչութեան տնտեսական մտահոգութիւնները։ Խօսք առին նաեւ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ատենապետները։ Անոնք պարզեցին քահանայ հայրերուն կատարած ծառայութիւնը եւ Առաջնորդարանին վարչական ու տնտեսական բնագաւառին առնչուած կարգ մը հարցեր։
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ զոյգ ժողովներուն, որոնք հակառակ մեզ շրջապատող տնտեսական դառն պայմաններուն, կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը բերել մեր ժողովուրդին՝ գլխաւորութեամբ սրբազան հօր։ Ան թելադրեց, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյնը կատարել մեր ժողովուրդին կարիքներուն օգտակար ըլլալու գծով։
Այս առիթով, Հայրապետը անգամ մը եւս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ունեւոր ազգայիններ գործնապէս զօրավիգ կանգնին մեր եկեղեցւոյ, դպրոցներուն, կառոյցներուն, ընտանիքներուն…։
Աւարտին, ան դարձեալ վստահեցուց մեր Ս. Աթոռին ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանի հայութեան։