12 October, 2019

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԳ

Անցնող երկու ամիսներու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցան վերանորոգման աշխատանքներ, բարձր հովանաւորութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ազնիւ բարերարութեամբ Ամերիկայի հիւսիսային արեւմտեան հայոց թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլին։

 

Արդարեւ, վերանորոգման աշխատանքներու աւարտին, Շաբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, միաբան հայրերէ կազմուած Հայրապետական թափօրը, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, շարականներու երգեցողութեամբ եւ սաղմոսներու ու աղօթքներու արտասանութեամբ ուղղուեցաւ Մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ օրհնութեան յատուկ կարգ։ Արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Լուսաւորեա Երուսաղէմ» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան եւ վառեց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող աշտանակները։ Ապա, տեղի ունեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւն։

 

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներու ընթացքին երրորդ անգամ ըլլալով Մայր Տաճարը կ՚ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման՝ բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր։

More News