ԲԱԶՄԱՀԱԶԱՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. Աստուածամօր վերափոխման տօնը հայ եկեղեցւոյ համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ան իր մէջ կը պարփակէ կրօնական ու ազգային դիմագիծերը։ Ան եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը կը հանդիսանայ: Վերափոխման տօնին առիթով, որուն ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը նշէ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը, տեղի կ՚ունենայ Աստուածաշունչին եւ մեր հայերու աւանդութեան համաձայն երախայրիքի եւ ոչխարի…

ՇՈՒՐՋ ՀԱԶԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՔԱԼԵԼՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔ

Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, աղօթասացութեամբ եւ շարականի երգեցողութեամբ, երրորդ տարին ըլլալով, աւելի քան 1000 ուխտաւորներ ուխտեցին քալել Անթիլիասի Մայրավանքէն դէպի Ս. Աստուածածին Վանք։   Արդարեւ, Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ, ուխտերթը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին։ Հաւատացեալներու շարքերուն մէջ կային հայ թէ օտար ուխտաւորներ, ինչպէս…