10 December, 2019

2020 ՏԱՐԻՆ ՅԱՏՈՒԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԱՐՕՏ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԻ

Այսու կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, յառաջիկայ տարին՝ 2020-ը հռչակեց յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի:

 

Հաշմանդամներու նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին. եւ ապա՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

 

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը 2003-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերած է: Նորին Սրբութեան պատգամի լոյսին տակ այդ թեմաները ամբողջ տարուան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձած են մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային կառոյցներու ու միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներով: Առ ի յիշեցում, անցնող 16 տարիներու հռչակումները.-

 

«2003-ը՝ Աստուածաշունչի Տարի»

 

«2004-ը՝ Հայ Ընտանիքի Տարի»

 

«2005-ը՝ Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի»

 

«2006-ը՝ Հայ Դպրոցի Տարի»

 

«2007-ը՝ Հայ Լեզուի Տարի»

 

«2008-ը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի»

 

«2009-ը՝ Երիտասարդութեան Տարի»

 

«2010-ը՝ Հայ Կնոջ Տարի»

 

«2011-ը՝ Հայ Մանուկի Տարի»

 

«2012-ը՝ Հայ Գիրքի Տարի»

 

«2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի»

 

«2014-ը՝ Տարեցներու Տարի»

 

«2015-ը՝ 100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան (Կոնդակ)»

 

«2016-ը՝ Ծառայութեան Տարի»

 

«2017-ը՝ Վերանորոգման Տարի»

 

«2018-ը՝ 100-ամեակ Հայաստանի Հանրապետութեան»

 

«2019-ը՝ Հայ Մամուլի Տարի»

 

«2020-ը՝ Յատուկ Խնամքի Կարօտ (Հաշմանդամներու) Հայորդիներու Տարի»

More News