ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ԴԻՄԷ ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ՝ ՊԱՀԱՆՋԵԼՈՎ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը30 Յուլիս 2019-ին դա՛րձեալ դիմեց թրքական դատարան, օրինական հայցներկայացնելով Սիսի նախադատատեանին մօտ՝ պահանջելով Սիսիպատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը: Արդարեւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ Կաթողիկոսարանի հետ աշխատակցող միջազգային եւ թուրք իրաւաբաններու զոյգ յանձնախումբերու ունեցած աշխատանքային եւ խորհրդակցական հանդիպումներու լոյսին տակ, որոշուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջը ներկայացնել Թուրքիոյ Սիս (Քոզան) քաղաքի նախադատ ատեանին մօտ: Շուրջ հազար…