ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

8-10 Հոկտեմբեր 2019-ին, Դանիոյ մէջ կայացաւ  Եկեղեցական Ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը  (Conference of Secretaries օf Christian World Communions), որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով իր մասնակցութիւնը բերաւ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան։

 

Եռօրեայ ժողովի ընթացքին, մասնակիցները զեկուցեցին իրենց եկեղեցական ընտանիքներու միջ-եկեղեցական աշխատանքներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Կաթողիկոսարանին ներկայացուցիչ Հայր սուրբը եւս ներկայացուց իր զեկոյցը եւ աւարտին պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

Յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 20-22 Հոկտեմբեր 2020-ին, Նայրոպիի մէջ:

 

Նշենք, որ յիշեալ կառոյցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մաս կը կազմէ անոր ծնունդէն ի վեր: