Երեքշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի ու Լիբանանի ներքին կացութիւններուն առնչուած շարք մը հարցերու: