ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԷ ԷՇԿԻԵԱՆ ԵՒ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅՈՎՍԷՓ ԵՒ ԷԼԻԶԱՊԷԹ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾԱԽՍԵՐԸ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի փափաքին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը. իսկ դարձեալ նոյն թեմի ազգայիններէն Տէր եւ Տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը։   Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի…