Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԿԸ ՊԱՐԶԷ «ԻՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԳՈՆՎԵՆՑԻԱՅ»Ի ՄԱՍԻՆ

Սուրբ Աստուածածնի ուխտի օրուան բազմահազար ժողովուրդին ուղղած իր Հայրապետական պատգամին մէջ, խօսելով հայ ընտանիքին հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները պահելու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր յստակ տեսակէտը պարզեց, այսպէս կոչուած, «Իստանպուլի Գոնվենցիայ»ին մասին: Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ չորս կէտերուն մէջ ամփոփեց իր մօտեցումը.-   1) «Հայ ընտանիքին, անոր արժէքներուն, ինքնութեան ու կոչումին ուղղակի…