«ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԹԷ՛ ՄԻԱՑՆՈՂ ԵՒ ԹԷ՛ ԲԱԺՆՈՂ ՀԶՕՐ ԱԶԴԱԿ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երկրորդ տարին ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ ու անմիջական հսկողութեամբ տեղի ունեցաւ համալսարանական ուսանողներու ու համալսարանաւարտ երիտասարդներու խտացեալ դասընթացք: Հիւսիսային Ամերիկայի մեր թեմերուն յատուկ յիշեալ դասընթացքին կը մասնակցին առաւելագոյնը 22 երիտասարդներ՝ ընտրուած թեմերուն կողմէ: Դասընթացքը տեղի կ՚ունենայ անգլերէն լեզուով եւ կը քննարկէ հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ներկայ ժամանակներու…