«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԴԻՄԵԼ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ՝ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019

Այսօր 10-րդ օրն է լիբանանցի ժողովուրդին ըմբոստութեան։ Ըմբոստութիւն փտածութեան, ընկերային-տնտեսական անարդարութեան, կաշառակերութեան եւ այլ յոռի երեւոյթներուն դէմ։ Առաջին իսկ վայրկեանին Մենք յստակ կերպով ըսինք, թէ ժողովուրդին հետ ենք՝ ամբողջութեամբ բաժնելով ժողովուրդին մտահոգութիւնը, ընդվզումը ու պոռթկումը։

Արդարեւ, այս ըմբոստութեամբ, որուն ռահվիրաները դարձան կիներն ու երիտասարդները, լիբանանցի ժողովուրդը գործնապէս վկայեց, թէ ինք միակամ է եւ դէմ է անարդարութիւն ու փտածութիւն սերմանող կառոյցներու ու անձերու։ Այս դրական երեւոյթը արժանացաւ բոլորին, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքին գնահատանքին ու զօրակցութեան։ Լիբանանի փողոցներուն մէջ ինքզինք նոյն դրօշին տակ որպէս մէկ ամբողջութիւն արտայայտող ժողովուրդին պահանջները կը մնան արդար։

Վերջին քանի մը օրերուն, հակառակ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած հրապարակային խոստումին, թէ ինք պատրաստ է լսելու ցուցարարները եւ ընդառաջելու անոնց սպասումներուն՝ յարգելով Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, Լիբանանի դրօշներուն առընթեր սկսան հոս ու հոն այլ դրօշներ երեւնալ եւ դրական մթնոլորտը խանգարող երեւոյթներ պարզուիլ։ Անհրաժեշտ է շուտով առաջքը առնել նման մտահոգիչ երեւոյթներուն։

Լիբանանեան բանակն ու ներքին ապահովական ոյժերը իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ՝ անդորրութիւնը պահպանելով եւ ցուցարարներուն քաղաքացիական ազատութիւնը յարգելով։ Դարձեալ վերջին քանի մը օրերուն, ապահովական ոյժերուն եւ ցուցարարներուն միջեւ հոս ու հոն տեղի ունեցած միջադէպերը մտահոգիչ են եւ անընդունելի։ Անհրաժեշտ է յարգել Լիբանանի բանակին հեղինակութիւնը ու զօրավիգ կանգնիլ անոր դերակատարութեան։

Շարունակուող այս անորոշ ու վտանգալից կացութեան առաջքը շուտով պէտք է առնուի։ Անհրաժեշտ է, որ Հանրապետութեան նախագահը խորհրդակցաբար Խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին, համայնքային ու քաղաքական ղեկավարութեանց, ինչպէս նաեւ ցուցարարները ներկայացնող յանձնախումբին հետ, շուտով դիմէ գործնական քայլի։ Այդ քայլը կրնայ ըլլալ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը՝ բաղկացած մասնագէտներէ կամ հիմնական փոփոխութիւններ ներկայ կառավարութեան մէջ։ Երկու պարագաներուն ալ գոյութիւն ունին թէ՛ առաւելութիւններ եւ թէ անպատեհութիւններ, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ։ Պէտք է ընտրել նուազագոյն վնասաբեր եւ առաւելագոյն շահաբեր ճամբան՝ երկիրը դուրս բերելու ներկայ վտանգալից կացութենէն։

Դրական երեւոյթներու շարքին կ՚արժէ յիշել ընդհանրապէս միջազգային համայնքին ու յատկապէս մեծ պետութիւններու, միջազգային տնտեսական ու ֆինանսական կառոյցներու զօրակցութիւնը՝ Լիբանանէն ներս քաղաքական փոփոխութեան եւ ներկայ կառավարութեան կողմէ պատրաստուած բարեկարգումներու գործադրութեան նկատմամբ։

Այս բոլորին դիմաց, բաժնելով հանդերձ ժողովուրդին դառնութիւնն ու ընդվզումը, սպասելի է որ ժողովուրդը իրապաշտութեամբ, խոհեմութեամբ ու հեռատեսութեամբ մօտենայ ներկայ կացութեան շարունակման հետեւանքներուն գծով եւ որոշ կողմեր ու մանաւանդ լրատուական միջոցներ հեռու մնան գրգռիչ քայլերէ ու արտայայտութիւններէ։

Լիբանանի հայ համայնքը, իբրեւ Լիբանանը կազմող 18 համայնքներու շարքին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, անբաժան մասը կը կազմէ Լիբանանի պետութեան ու անոր վարչական կառոյցին՝ իր իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով։ Մեր համայնքը եւս իր զաւակներուն ճամբով զանազան ձեւերով իր պահանջները, ընդվզումը ու մտահոգութիւնը կը շարունակէ արտայայտել։ Համայնքային պատասխանատուները, հոգեւորական թէ աշխարհական, մնայուն կապի մէջ են թէ՛ պետական եւ թէ այլ համայնքներու պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն կը հետեւին տեղի ունեցող զարգացումներուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս