Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ
Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութեան, առաջնորդութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան անդամներն ու անոր աշխատանքային ծրագիրը: Ան յայտնեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն, համաճարակին եւ…