ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Երեքշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ եւ պարզեց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի (Լաջին) միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ իրավիճակի յաղթահարման համար կատարուող աշխատանքները։ Նախագահը նաեւ մեծ ցաւով ու ափսոսանքով անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին…