Քրիստոսի Թաղման Կարգին նախագահելով՝ ՙՔրիստոս գերեզման իջնելով իր հետ նաեւ գերեզմանեց մարդուն մեղքը՚, ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Քրիստոնեայ աշխարհին համար «Աւագ Ուրբաթ»-ը երկիւղածութիւն ու յարգանք պարտադրող օր է, որպէս մեր Տիրոջ մարդկութեան հանդէպ ունեցած գերագոյն սիրոյ նշան, որուն համար յանձն առաւ Աստուածորդին գերեզման իջնել: Արդարեւ, Ուրբաթ 29 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հարիւրաւոր հաւատացեալներ, իրենց նուիրաբերած ծաղիկներով զարդարեցին Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը, եւ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցին Մայրավանքի շրջաբակը: Քրիստոսի թաղման արարողութեան…