Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեամբ ՙՎանականութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումար Աւստրիոյ մէջ

14-17 Ապրիլ 2013, Աւստրիոյ Սալզպուրկ քաղաքի համալսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ՙՎանական կեանքը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ՚ միջազգային համագումարը, որուն կազմակերպութեան մէջ գործակցած էին Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

 

Համագումարը սկսաւ Կիրակի, 14 Ապրիլին, Ս. Պետրոս մայր տաճարին մէջ կատարուած պենետիքթեան երեկոյեան ժամերգութեամբ:

 

Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ, համագումարը դասախօսութիւններով եւ քննարկումներով շօշափեց ՙՀայ վանականութեան տիպերը՚ թեման:

 

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին համագումարին մասնակցեցաւ եւ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը 21-րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց՚ նիւթով դասախօսեց Վարիչ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու եւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:

 

Երեքշաբթի, 16 Ապրիլ, հայ եւ օտար հոգեւորական դասախօսներ ներկայացուցին ՙՎանականութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մէջ՚ ու ՙՎանական կազմաւորումը՚ նիւթերը:

 

Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլ, դասախօսներ եւ հիւրեր այցելեցին Սալզպուրկի այրերու եւ կիներու պենետիքթեան վանքերը ու մօտէն ծանօթացան Աւստրիոյ կաթոլիկ վանական կեանքին:

 

Նոյն երեկոյ, հայկական երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ տեղւոյն փոքրաթիւ համայնքին համար, որուն ընթացքին քարոզեց Նարեկ Սրբազան: