ՙՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՂԻՉ ՈՅԺ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ՚
ըսաւ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Շաբաթ 6 Ապրիլ 2013-ին, առաւօտեան ժամը 8.30-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ բացումը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Յանձնախումբին կազմակերպած միօրեայ խորհրդակցական հանդիպումին:
Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարելով խորհրդակցական սոյն հանդիպումին, իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Կեդրոնական Յանձնախումին, իր այս նախաձեռնութեան համար: Անդրադառնալով 100-ամեակին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ՙ100-ամեակը, որոշ ժամանակաշրջանի մէջ ամփոփուող ձեռնարկներու կամ ծրագիրներու ամբողջութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ ընթացք մը 2015-էն առաջ սկսող ու շարունակուող: Կրկնութիւններէ ու խաչաձեւումներէ հարկ է խուսափիլ: Մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրապա՜շտ ու գործնապաշտ՚: Անդրադառնալով Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան 100 Համազգային Յանձնախումբին գումարած ժողովին իր արտասնած խօսքին, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, ըսելով. ՙԵրեք բառեր շեշտեցի. ՅԻՇԵԼ, ՅԻՇԵՑՆԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Իմ հայեցողութեամբ, մեր մօտեցումն ու ծրագրումը Ցեղաբպանութեան 100-ամեակի աշախատնքներուն այս երեք բառերու լոյսին տակ պէտք է կատարուին: Արդարեւ, 100 տարի շեշտը դրինք յիշելու վրայ: Մոմ վառեցինք, ոգեկոչման երեկոներ կազմակերպեցինք, գիրք տպեցինք: Կարեւոր են այդ բոլորը, որպէսզի մեր նոր սերունդները մեր նահատակներուն նուիրական կտակով ու ոգիով թրծուին: Սակայն միայն այդ կէտին վրայ պիտի չկեդրոնանանք: 100 տարի յիշեցուցինք՝ ցոյցեր կազմակերպելով, լոպիինկի աշխատանքներ կատարելով եւ մեր ձայնը լսելի դարձնելով: Նոյնը պիտի ընենք բնականաբար տարբեր մօտեցումներով: Սակայն, անհրաժեշտ է որ մենք շեշտը դնենք պահանջատիրութեան ու հատուցման վրայ՚:
Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը յիշեցնելէ ետք ներկաներուն, թէ անցեալ տարուան ընթացքին, վեհարանի նոյն այս դահլիճին մէջ, Միջազգային Համագումար մը տեղի ունեցած էր, որուն մասնակցած էին հայ եւ օտար իրաւագէտներ ու փաստաբաններ, շեշտեց, որ ՙայսօր մենք պէ՜տք ունինք մասնագէտ իրաւագէտներու, որպէսզի Միջազգային Ատեաններուն դիմաց կարենանք ճիշդ ձեւով մեր Դատը ներկայացնել, պաշտպանել ու հետապնդել՚:
Շարունակելով իր խօսքը նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց, թէ Հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հարցը ամբողջ հայութեան հիմնահարցն է: Եւ առ այդ ՙպէտք է միասնական ճիգով աշխատինք: Կրնայ ըլլալ մօտեցումները, շեշտաւորումները տարբերին իրարմէ. երբեմն պէ՜տք է տարբեր ըլլան: Չմոռնանք, որ Հայաստանը պետութիւն է, իսկ Սփիւռքն ալ՝ Սփիւռք: Պետութիւնը Սփիւռքի եւ Սփիւռքը պետութեան լեզուով պիտի չխօսի: Իւրաքանչիւրը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի: Տարբեր մօտեցումներու միջեւ պէտք է ներքին ներդաշնակութիւն ու համադրում ըլլայ, այլ խօսքով պէտք է մի՜ակամ ծրագրենք ու գործենք՝ ամուր կերպով կառչած մնալով պահանջատիրութեան՚: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը աւելցուց. ՙՍպասումս է, որ այս հայեցակէտով ու նպատակասլաց մօտեցումով գործէ 100-ամեակի թէ՜ Համազգային եւ թէ բոլոր յանձնախումբերը, այլ խօսքով՝ միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան ամրօրէն կառչած մնալով՚:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, որ Հարաւային Ամերիկան, Ափրիկէն ու Ծայրագոյն Արեւելքը եւս պէտք է Հայ Դատի աշխատանքներուն ծիրէն ներս առնուին:
Միջին Արեւելքին անդրադառնալով Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ ՙՄիջին Արեւելքը մեզի համար կարեւոր ենթահող է: Այս ծիրէն ներս, հիմնական երեք կէտերու պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք, ըսաւ Վեհափառը.
ՙա) Իսլամական աշխարհին մէջ Հայ Դատի հետապնդումը տարբեր մօտեցում կը պահանջէ, մանաւանդ որ մեր թշնամին իսլա՜մ է: Իսլամութեան ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնենք մեր հարցը: Պէտք է ուշադրութեամբ քննենք ու ուսումնասիրենք մեր միջավայրէն ներս կատարուող իրադարձութիւնները ու գոյութիւն ունեցող զգայնութիւններթ եւ ճիշդ կերպով կարենանք ներկայացնել մեր դատը իսլամ աշխարհին:
բ) Թուրքիոյ հետզհետէ զօրացող ու ներթափանցող ներկայութիւնը շրջանէն ներս, լուրջ խնդիր է: Շրջանի տարբեր երկիրներու նախագահներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներուս ընթացքին, միշտ կը յիշեցնեմ անոնց, ըսելով թէ ‘Թուրքիոյ դիմաց ձեր դռները շատ լայն բացած էք, օրը պիտի գայ ու պիտի անդրադառնաք ձեր կատարած սխալին: Թուրքիան տարբեր դիմակներ կը գործածէ’: Հետեւաբար, պէտք է ըլլանք արթուն. ձեղասպանը մօտէն կը հետեւի մեր քայլերուն: Թուրքիոյ կատարած ու կատարելիք միջամտութիւններուն դիմաց պիտի չնահանջենք ու չտկարանանք:
գ) Ցեղասպանութիւնը անցեալին պատկանող դէպք մը չէ: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հետեւանք է, եւ որոշ իմաստով Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի…: Այս գիտակցութեամբ պէտք է գործենք՚:
Եզրափակելով իր խօսքը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. ՙՑեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման աշխատանքները երեք տարածքներ ունին՝ պատմական, քաղաքական եւ իրաւական: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու առաջին երկուքը, յստա՜կ առաջնահերթութիւն տանք իրաւական երեսին: Այս գծով հսկայ աշխատանք ունինք ունինք կատարելիք՚: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցուց՝ ՙՄեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պաշտպանը եղած է միշ Հայ Դատին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն: Նոյն ոգիով պիտի շարունակենք զօրավիգ կանգնիլ ի խնդիր մեր Հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման բոլոր աշխատանքներուն, որովհետեւ Հայ ժողովուրդին դատը՝ Հայ եկեղեցւոյ դատն է՚:
Նորին Սրբութեան բացման խօսքէն ետք, խորհրդակցական հանդիպումի մասնակիցները, Թանգարանին ՙԿիլիկիա՚ սրահին մէջ սկսան իրենց հանդիպումին: