Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Զագգա Ա. Պատրիարքին ներկայացուցիչը

Երեքշաբթի 16 Ապրիլ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Զագգա Ա.ի ներկայացուցիչ Ժորժ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը: Սալիպա Արքեպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները եւ խորհրդակցեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան առնչուած մի քանի հարցերու մասին:

 

Սալիպա Արքեպիսկոպոսին կ’ընկերանային Հոլլանտայի եւ Լիբանանի ասորի համայնքներէն ազգայիններ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու նաեւ Միջին Արեւելքէն դուրս ասորի ու հայ համայնքներու միջեւ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու կարելիութիւններուն մասին: