Ուրբաթ 14 Յունիս 2013–ի երեկոյեան, Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, Տըպայէի Le Royal պանդոկին մէջ տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան»-ի շքանշանով պարգեւատրեց ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Հրայր Սողոմոնեանը:
Յայտնենք, որ Տէր եւ Տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան շուրջ մէկ տարի առաջ ստանձնած էին Պիքֆայայի վանքի շրջաբակին մէջ կառուցուող միաբանական շէնքին բարերարութիւնը, տրամադրելով մէկուկէս միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատելով Տիար Սողոմոնեանը, ըսաւ. «Հրայրը չենք գնահատեր միայն իր նիւթական նուիրատուութեան համար, այլ առաջին հերթին իր երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար: Արդարեւ, Հրայր Սողոմոնեան անձնուէր ծառայութան տիպար է. եւ անոր փաստը տուած է անցնող աւելի քան երեսուն տարիներուն, յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ»: Վեհափառ Հայրապետը դրուատիքով խօսեցաւ նաեւ Տիկին Սողոմոնեանի մասին, որ «միշտ քաջալերող եղած է Հրայրին ազգային–եկեղեցական ծառայութեան ու կատարած նուիրատուութիւններուն»: Եզրափակելով իր խօսքը, Վեհափառը ըսաւ. «Ոեւէ մէկ անձի արժէքը իր ունեցածին մէջ չէ, այլ՝ տուածին: Ո՛չ թէ իր ունեցածով, այլ՝ իր տուածով անձը կը դառնայ յարգելի ու սիրելի բոլորին. իր տուածով անձը կը բարձրանայ, կը մեծնայ ու կը մնայ ժողովուրդի սիրտին մէջ»:
Ապա Քուէյթի եւ Արաբական Էմիրութեանց Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան կարդաց Վեհափառ Հայրապետին կոնդակը: Խօսք առնելով Պրն. Հրայր Սողոմոնեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, խոստանալով որ ինք պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան, որ առաւել ծաղկումի ու ծաւալումի ընթացքին մէջ է:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւրները, թեմակալ Առաջնորնդներ, միաբաններ եւ Լիբանանի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: