Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս յաճախ կը շեշտէք իրաւական երեսին կարեւորութիւնը. ինչո՞ւ:
Պատասխան.– Հայ ժողովուրդի մարդկային թէ ազգային բռնաբարուած իրաւունքներու հարցը ըստ էութեան իրաւական հարց է: Ցեղասպանութիւնը ոճիր է միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն եւ արդարութեան հատուցումը իրաւական հարց է: Հետեւաբար, ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հարկ է մօտենալ իրաւական ճամբով՝ բնականաբար առանց անտեսելու քաղաքական երեսը: Արդարեւ, տասնամեակներ շարունակ, մեր ժողովուրդի կեանքի ներքին ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող արտաքին պայմանները ստիպեցին, որ շեշտը դնենք առաւելաբար ուսումնասիրական ու քարոզչական աշխատանքներուն վրայ: Այս ուղղութեամբ կարեւոր քայլեր առնուեցան՝ հայ դատը իր պատմա–քաղաքական պարունակին մէջ ուսումնասիրելու եւ ուրիշներուն ծանօթացնելու իմաստով: Յիշեալ աշխատանքները անհրաժեշտ է որ շարունակուին: Միաժամանակ, հրամայական է, որ հայ դատը հետապնդուի միջազգային օրէնքի լոյսին տակ: Միջազգային օրէնք ըսելով կը հասկնանք՝ Մարդկային Իրաւանց Միջազգային Հռչակագիրը, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան որդեգրած ուխտերը եւ յատկապէս մարդկային իրաւանց առնչուած որոշումները, միջ–պետական համաձայնագիրերը, միջազգային դատարանի հետ աղերս ունեցող սկզբունքները եւ ուղեգիծերը, եւլն.: Եթէ չկարենանք հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը ուղղակի կամ անուղղակիօրէն առնչել միջազգային օրէնքի տուեալներուն, հայ դատի աշխատանքներուն օղակը սահմանափակուած պիտի մնայ սոսկ լոպիինկի ծիրէն ներս: Հայ դատին միջազգային ու այժմէական տարածք տուողը իրաւական ճամբան է՝ քաղաքական զօրակցութեամբ ամրացած ու պաշտպանուած: Եւ ճիշդ ա՜յս մտահոգութենէն մեկնած, կազմակերպեցինք իրաւագէտներու համագումարը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ՝ ՙՃանաչումէ՝ հատուցում՚ թեմային շուրջ:
Հարցում. Արդեօք բաւարա՞ր է, Վեհափառ Տէր, միա՜յն իրաւական մօտեցումը, որպէս հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն ճամբան:
Պատասխան.– Ո՜չ: Ինչպէս յաճախ Մեր խօսքերուն մէջ կը շեշտենք, քաղաքական ու իրաւական, քարոզչական ու յարաբերական երեսները իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են: Սակայն պիտի գիտնանք իւրաքանչիւրին տեղը ու դերը, չափը ու սահմանը: Այլ խօսքով՝ երբեմն պէտք է աղմուկ հանել, սակայն քաջ գիտնալով անոր տեղը, ձեւը ու ժամանակը: Երբեմն պէտք է քաղաքական շրջագծին մէջ լուռ աշխատանք տանիլ կամ իրաւական աշխատանք՝ դարձեալ նո՜յն ձեւով: Ցարդ մեզի պակսողը թէ՜ ներդաշնակութիւնն է եւ թէ շեշտաւորումը հայ դատի աշխատանքներուն մէջ: Փաստօէն կը դառնանք նո՜յն օղակին շուրջ: Աշխարհաքաղաքական պայմանները ու շահերը մնայուն փոփոխութեան մէջ են. սակայն հայ դատի աշխատանքները, իրենց խորքով ու ձեւով, առաջնահերթութիւններով ու մեթոտներով, լայն չափով կը մնան նո՜յնը: Եթէ մենք չկարենանք քարոզչական, քաղաքական ու իրաւական երեսները ներդաշնակել եւ ներկայ աշխարհի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն համապատասխան մօտեցումներով մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն գծով մեր արդար պահանջքը ներկայացնել միջազգային համայնքին, մեր դատը կրնայ վերածուիլ ՙձայն բառբարոյ յանապատի՚: 100–ամեակը վճռական հանգրուան մըն է՝ հարիւր տարիներու մեր հարուստ փորձառութեամբ եւ աշխարհաքաղաքական ներկայ դրուածքներու ու շահերու յարաբերաբար, քննական ու իրապաշտ մօտեցումով վերատեսութեան, վերարժեւորումի ու վերադասաւորումի ենթարկելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մեր համահայկական պայքարը:
Հարցում. Ինչպէ՞ս կարելի է այս աշխատանքը կատարել:
Պատասխան.– Սա բնականաբար դիւրին աշխատանք մը չէ. հսկայ ներուժ, մարդուժ ու նիւթական լայն կարելիութիւն կ’ենթադրէ. եւ աւելին՝ հաւատք, վճռակամութիւն ու նուիրում: Մեր պատգամներուն մէջ յաճախ յիշեցուցած ենք, որ դերերու բաշխում ու յստակեցում հարկ է կատարուի ո՜չ միայն խուսափելու համար խաչաձեւումներէ, կրկնութիւններէ կամ բեւեռացումներէ, այլ որպէսզի կարենանք արդիւնաշատ աշխատանք կատարել, նոր յաջողութիւններ ձեռք ձգել եւ հայ դատը նոր հորիզոններու բանալ: Հայաստանի պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան 100–ամեակի Յանձնաժողովի նշանակումը, ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է: Այս քայլին մէջ Մենք կը տեսնենք երկու կարեւոր նշանակութիւն ու պատգամ.– Առաջին, աշխարհին մենք ցոյց կու տանք թէ՝ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով միակամ է: Այս խորունկ սեմպոլիզմը հարկ է պահել ամուր ու անստուեր: Երկրորդ, այս Յանձնաժողովին դերը, ինչպէս իր անունը ցոյց կուտայ, ցեղասպանութեան 100–րդ ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգել է: Բազմանդամ Յանձնաժողովի մը մէջ պետութիւն ու սփիւռք միատեղ ըլլալով, Մեր հայեցողութեամբ, թերեւս ճիշդ չէ քաղաքական ու իրաւական բնոյթ ունեցող լուրջ քննարկումներ կատարել, գործընթացքներ ճշդել կամ կեցուածքներ որդեգրել: Նման քայլ մը կրնայ Հայաստանի պետութիւնը զգայուն կացութիւններու դիմաց դնել իր միջազգային յարաբերութիւններու շրջագծէն ներս: Միւս կողմէն, նման մօտեցում մը նաեւ կրնայ սահմանափակել սփիւռքին կողմէ կատարուելիք աշխատանքները: Թէ՜ Հայաստանը եւ թէ սփիւռքը ըստ յարմարութեան շարժելու ու գործելու լայն միջոց ու կարելիութիւն պէտք է ունենան՝ միշտ մեկնելով մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն:
Հարցում. Ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք, Վեհափառ Տէր, աշխատանքի բաժանումը Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ:
Պատասխան.– Հայ դատի աշխատանքներու գծով Հայաստանի պետութիւնը առանցքային դեր ունի կատարելիք: Նոյնիսկ Սովետական շրջանին սփիւռքի մէջ կ’ըսէինք թէ հայ դատի իրաւատէրը Հայաստա՜նն է. միշտ նո՜յնը պիտի ըսենք: Ի՞նչ կրնայ ընել Հայաստանի պետութիւնը: Ամէն բանէ առաջ Հայաստանի պետութիւնը իր արտաքին դիւանագիտական յարաբերութիւններուն օրակարգին վրայ որպէս առաջնահերթ խնդիր պէտք է պահէ հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Վերջին տասնամեակին այս ուղղութեամբ անկասկած հայրենի պետութիւնը կարեւոր աշխատանք կատարեց: Երկրորդ, իրաւական գետնի վրայ Հայաստանը կրնայ ցեղասպանութեան հարցը ներկայացնել Միջազգային Արդարութեան Ատեանին (International Court of Justice), որովհետեւ յիշեալ կառոյցին կանոնագրութեան համաձայն միայն պետութիւն մը կրնայ դատ ներկայացնել: Երրորդ, դժբախտաբար հայ դատի աշխատանքներուն մէջ յաճախ կը մոռնանք 1923–ի Լոզանի դաշնագիրը, ուր յստակ կերպով կ’ըսուի թէ թուրք կառավարութիւնը յանձնառու է պաշտպանելու փոքրամասնութիւններու պատկանող եկեղեցիներու եւ կրօնական հաստատութիւններու ապահովութիւնը (Յօդ. 42) եւ թէ՝ Անգլիան, Ֆրանսան, Ճափոնը, Յունաստանը, Իտալիան, Ռումանիան, այլ խօսքով՝ Ազգերու Լիկայի (այժմ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը) անդամ երկիրները պէտք է հսկեն Լոզանի դաշնագրի ամբողջական ու ճշգրիտ գործադրութեան (Յօդ. 44): Հայաստանը իրաւունք ունի այս ուղղութեամբ նուազագոյնը հարցադրումներ կատարելու: Կը խորհինք որ Հայաստանի պետութիւնը քաջութիւնը պէտք է ունենայ դիմելու Միջազգային Արդարութեան Ատեանին: 100–ամեակին առիթով առնուած նման քայլ մը Հայաստանի պետութեան կողմէ, աշխարհի ամբողջ հայութիւնը պիտի համախմբէ Հայաստանի շուրջ:
Ի՞նչ կը վերաբերի սփիւռքին, ուր անկասկած մեր քաղաքական երեք կուսակցութիւնները վճռական դեր կատարեցին հայ դատի գծով, ռազմավարական ու մարտավարական նոյն մօտեցումներով աշխատանքները շարունակելը կը նկատենք ժամանակավրէպ: Առաջին, ամէն բանէ առաջ պէտք է համախումբ ու կազմակերպ աշխատանք տանիլ՝ սփիւռքի մեր մարդուժի ու տնտեսական կարողականութիւնը լաւագոյն կերպով օգտագործելով: Երկրորդ, քարոզչական ու քաղաքական մարզերէն ներս կատարուելիք աշխատանքը պէտք է դառնայ համահունչ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն եւ զանազան աշխարհամասերու քաղաքական դրուածքին: Այս ծիրէն ներս Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպա եւ իսլամական աշխարհը պէտք է կազմեն հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն կորիզը՝ առանց սակայն անտեսելու Ափրիկէն եւ Ծայրագոյն Արեւելքը: Համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է որ հայ դատը ծանօթացնենք բոլորին՝ տեղեկատուական ազդու միջոցներու ճիշդ ու լայն օգտագործումով:
Հարցում. Այս բոլորի լոյսին տակ, Վեհափառ Տէր, ինչպէ՞ս կարելի է կազմակերպել 100–ամեակը:
Պատասխան.– 100–ամեակը վճռական ու անկիւնադարձային հանգրուան մըն է. ըսինք հանգրուան մը, ո՜չ վախճանակէտը մեր աշխատանքին: Սակայն 100–ամեակը սովորական հանգրուան մը չէ ու պէտք չէ դառնայ: Սոսկ երգահանդէսներ ու ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, գիրք տպելով կամ ծառատնկում կատարելով պէտք չէ բաւարարուինք: Հարկ է մտածել այնպիտի նախաձեռնութիւններու ու գործընթացքներու մասին, որոնք հայ դատի մեր աշխատանքներուն կու տան նոր որակ ու լայն ծաւալ, յստակ ուղղուածութիւն ու այժմէականութիւն՝ մեր մարդուժը ու մանաւանդ մեր նոր սերունդը համախմբելով հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ: Չմոռնանք, որ այսօր հայ դատը միջազգային համայնքի օրակարգին վրայ է: Սա ինքնին մեծ նուաճում մըն է: Ինչպէ՞ս կարելի է զայն միջազգային համայնքի առաջնահերթութիւններու շարքին անցընել: Այս աշխատանքը, Մեր կարծիքով, կարելի է կատարել մի քանի մակարդակներու վրայ.– Առաջին, ժամանակն է, որ միջազգային օրէնքի մասնագէտներէ ու իրաւագէտներէ բաղկացած աշխատանքային խումբ մը յառաջացնենք: Պատմագէտները իրենց գնահատելի աշխատանքը կատարեցին. հիմա կարիքը ունինք իրաւագէտներու: Երկրորդ, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի հարցը անհրաժեշտ է լրջօրէն հետապնդել: Ամերիկեան Քոնկրէսին առած որոշումը, Լոզանի դաշնագիրը, մարդկային իրաւունքներու գծով Եւրոպական Համայնքի երբեմն կատարած յիշեցումները Թուրքիոյ, անհրաժեշտ է ճիշդ կերպով օգտագործել: Կալուածներու հարցին գծով Թուրքիան այսպէս կոչուած ՙլքեալ կալուածներ՚ու որոշումէն ետք, մինչեւ տակաւին մի քանի տարիներ առաջ, այնպիսի որոշումներ առած է, որոնք կալուածներու հարցին մօտեցման իրաւական ճանապարհին առջեւ լուրջ արգելքներ դրած են: Ահա թէ ինչու քաղաքական գետնի վրայ լոպիինկը եւ իրաւական աշխատանքը պէտք է զուգահեռ ընթանան:
Հարցում. Վեհափառ Տէր, վերջին հարցում մը. հայ ժողովուրդը ի՞նչ կը պահանջէ Թուրքիայէն:
Պատասխան.– Այս աշխարհին վրայ ապրող ոեւէ հայ մարդ այս հարցումին պատասխանելով պիտի ըսէ՝ ՙՑեղասպանութեան ճանաչումը՚: Սա մեր ժողովուրդին յստակ ու անխախտ կեցուածքն է: Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերջակէտ չէ. ճանաչում կ’ենթադրէ հատուցում: Հայաստանի պետական շրջանակներէն ներս ընդհանրապէս կը գործածուի ՙցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում՚ բացատրութիւնը: Թէեւ անորոշ ու երկդիմի բացատորութիւն է սա, սակայն սոսկ ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին տանող քայլ մըն է: Սփիւռքի մէջ կը գործածուի ՙպահանջատիրութիւն՚ արտայայտութիւնը: Երկու պարագային ալ ի՞նչ կը պահանջենք Թուրքիայէն՝ ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին: Հատուցման գծով մեր մօտեցումը ցարդ յստակ չէ. ի՞նչ կ’ուզենք՝ արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիա՞ն, նիւթական հատուցո՞ւմ, կալուածներու վերադա՞րձը: Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովը ցեղասպանութեան հատուցման գծով երեք իրաւական բառեր կը գործածէ՝ սահմանելով իւրաքանչիւրին իմաստը ու հետեւանքը.– RESTITUTION (վերահաստատում, հատուցում), COMPENSATION (փոխարինութիւն, հատուցում) եւ REHABILITATION (վերահաստատում, վերականգնում) (X, 22, 23, 24): Որպէսզի շփոթ չստեղծենք մեր մօտեցումներուն ու արտայայտութիւններուն մէջ, Մեր կարծիքով, օտար լեզուով մեր գրութիւններուն կամ արտայայտութիւններուն մէջ հարկ է գործածել REPARATION (դարմանում, վերականգնում, հատուցում), բառը, որ փաստօրէն կը ներառէ յիշեալ երեք բառերով արտայայտուած գաղափարները ու նաեւ իրաւական հիմք ունի: Հետեւաբար, կարեւորութեամբ դարձեալ կը շեշտենք մեր տեսակէտը.– անհրաժեշտ է որ փորձառու իրաւագէտներէ, քաղաքագէտներէ ու պատմաբաններէ բաղկացած մարմին մը, հեռու ռոմանթիք մօտեցումներէ, իրապաշտ հայեցակէտով ու պատմաքաղաքական ու իրաւական տուեալներով մեր պահանջատիրութեան թղթածրարը պատրաստէ: Եթէ նման լուրջ աշխատանքի չլծուինք – արդէն ո¯ւշ ենք – պիտի շարունակենք սոսկ զգացական արտայայտութիւններով ու պատահական նախաձեռնութիւններով ու ՙմիջոցառումներով՚ շարունակել մեր աշխատանքը: Հայ դատի հետապնդումը պէտք է ունենայ յստակ կիզակէտ: Այս իմաստով 100–ամեակը յիշեցում մըն է ու միաժամանակ մարտահրաւէր մը: