10 Ապրիլի, 2013

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մնայուն Յանձնախումբի ժողով

Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ-Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ (Ոչ-Քաղկեդոնական) Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքի, Ասորի Եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 11 նշանակած Մնայուն Յանձնախումբի միօրեայ ժողովը:      

 

Ժողովին մասնակցեցան Մնայուն Յանձնախումբի անդամները՝ Պիշոյ Արքեպիսկոպոս եւ Թովմաս Արքեպիսկոպոս՝ Ղպտի Եկեղեցիէն, Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս եւ Տանիէլ Գուրիէ Արքեպիսկոպոս՝ Ասորի Եկեղեցիէն ու Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան՝ Հայ Եկեղեցիէն:    

 

Ժողովականներ քննարկեցին իրենց Եկեղեցիներուն այլ Եկեղեցիներու հետ ունեցած աստուածաբանական երկխօսութիւններն ու յարաբերութութիւնները, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս իրենց մասնակցութիւնը, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած երեւոյթները եւ իրենց Եկեղեցիներու երեք Հոգեւոր Պետերու յաջորդ հանդիպումը:      

 

10 Ապրիլի կէսօրին, ժողովականներ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ճաշի հիւրը եղան, ստացան Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու յանձնարարութիւնները եւ փոխանցեցին իրենց ժողովին արդիւնքները:

More News