29 April, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Հալէպի յոյն եւ ասորի եպիսկոպոսներու առեւանգման հարցին

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթ մը առաջ Հալէպի յոյն ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Պուլոս Եազիժի եւ ասորի ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Եուհաննա Իպրահիմ առեւանգուեցան զինեալներու կողմէ Հալէպէն դուրս շրջանի մը մէջ: Առեւանգումէն անմիջապէս յետոյ Վեհափառ Հայրապետը նախ կապ պահեց Հալէպի մեր ազգային Առաջնորդարանին հետ եւ որոշ տեղեկութիւններ ստացաւ առեւանգման դէպքի գծով: Ապա Վեհափառ Հայրապետը առանձնաբար կապեր հաստատեց յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին հետ: Խորհրդակցութիւններէն յետոյ որոշուեցաւ յայտարարութիւն չկատարել չգրգռելու համար երկու առաջնորդները առեւանգած խումբը:

 

Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին շրջանային երկիրներու եւ արեւմտեան կարգ մը երկիրներու բարձրաստիճան պատախանատուներու կողմէ Թուրքիոյ ու Քաթարի ճամբով տարուող աշխատանքներուն մասին: Այս առաւօտ Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ երկու պատրիարքարաններուն հետ: Յարմար նկատուեցաւ այս հանգրուանին դիւանագիտական միջոցներու ճամբով շարունակել աշխատանքը:

More News