Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժողովներուն
Այսօր, Հինգշաբթի 30 Մայիսին, Հայաստանի մէջ Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ուենանայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տարեկան նիստը ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100–ամեակի Յանձնաժողովի հանդիպումը: Յանուն Վեհափառ Հայրապետին յիշեալ երկու հանդիպումներուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: