3 Հունիսի, 2013

Ռումանիոյ Տնտեսութեան Նախարար Վ. Ոսկանեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի 3 Յունիս 2013-ի կէսօրէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շրջապատուած Լիբանանահայ պետական նախարարներով ու երեսփոխաններով, ընդունեց այցելութիւնը Ռումանիոյ Տնտեսութեան ու Առեւտուրի Նախարար Վարուժան Ոսկանեանին: Յայտնենք, որ Նախարար Ոսկանեան շուրջ հինգ տարիներ առաջ դարձեալ այցելած էր Անթիլիաս եւ այդ առիթով որպէս գնահատանք իր մտաւորական ու պետական գործունէութեան, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշանով պատուած էր զինք:

 

Շուրջ երկու ժամ տեւող հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Ռումանիոյ հայութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, Լիբանան–Ռումանիա տնտեսական գործակցութեան, Լիբանանի հայութեան, հայ դատին ու Հայաստան–Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Վեհափառ Հայրապետը իր մօտեցումները պարզելով յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան 100–ամեակի նշման գծով, շեշտեց սովորական հանդիսութիւններէ դուրս գալու ու համահայկական մաշտապով մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջքը քաղաքական ու իրաւական երեսներով միջազգային հանրութեան ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: Լիբանանահայ երեսփոխաններ ու նախարարներ իրենց կարգին անդրադարձան Լիբանանի դիմագրաւած այժմու դժուարութիւններուն ու խօսեցան Ռումանիոյ ու Լիբանանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զրգացնելու կարելիութիւններուն մասին:

 

Նախարար Ոսկանեան իր ջերմ ուրախութիւնը յայտնեց որ դարձեալ կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ եւ կÿիմանայ Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները հայ ժողովուրդը յուզող հարցերուն շուրջ: Իր կարգին, նախարարը եւս ընդգծեց ցեղասպանութեան 100–ամեակը առաւելագոյն չափով օգտագործելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ներկաները տեղեակ պահեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին հետ իր ունեցած հանդիպման մասին, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց ընդհանրապէս Ռումանիոյ ու մասնաւորաբար Ռումանահայ գաղութին մասին:

 

Հանդիպման աւարտին, նախարար Ոսկանեան այցելեց Նահատակաց Յուշարձանը եւ իր յարգանքը մատուցեց մեր մէկումէկ միլիոն նահատակներու անթառամ յիշատակին:

More News