24 May, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Երուսաղէմի Լուտերական Եպիսկոպոսը

Ուրբաթ 24 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասնեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Մունիպ Եունանի: Եունան Եպիսկոպոս միաժամանակ Բողոքական համայնքին նախագահն է Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդէն ներս, եւ ատենապետը՝ Լուտերական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին:

 

Երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ ըլլալով Վեհափառ Հայրապետին, Եունան Եպիսկոպոս  երկար հանդիպում ունեցաւ Վեհափառին հետ, որու ընթացքին նախ պարզեց Երուսաղէմէն ներս տիրող քաղաքական թէ կրօնական կացութիւնը իր բազմազան ու այլազան դժուարութիւններով: Եունան Եպիսկոպոս անդրադարձաւ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի յառաջիկայ ծրագիրներուն: Ապա Վեհափառ Հայրապետին ու իր հիւրին խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան: Որպէս Նախագահները Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, անոնք ընդհանուր ակնարկ նետելէ ետք շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, որոշեցին որ յառաջիկայ ամիսներուն Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպէ Խորհուրդը Լիբանանի կամ Կիպրոսի մէջ: Նման հանդիպում առիթ պիտի հանդիսանայ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ կացութիւնը ու մանաւանդ միասնաբար արտայայտելու իրենց մտահոգութիւնները, սպասումները ու տեսակէտները:

More News