Թուրքիայէն կը պահանջենք վերադարձնել հայկական բռնագրաւուած եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները
2015-ին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, պիտի նշէ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-իցեղասպանութեանը զոհ գացին աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, աքսորի ճամբուն վրայ վերապրած հայերը ապաստան գտան Արեւելեան Հայաստանի՝ ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ ու աշխարհի տարբեր պետութիւններու մօտ: …