Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեսպանը

Հինգշաբթի 11 Յուլիս 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիար Աշոտ Գոչարեանին:

 

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զանազան երեսներուն: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Լիբանանի եւ Երեւանի միջեւ Middle East Airlines-ի շաբաթը երկու անգամ թռիչքներ հաստատելու լիբանանեան Միտըլ Իսթ ընկերութեան որոշումը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան հետ առնչուած հարցեր: