Կիպրոսի նորընտիր Նախագահին նամակը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Նիքոս Անաստասիատեսի ընտրութեան առթիւ առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական նամակ յղած էր անոր: Ի պատասխան Վեհափառ Հայրապետի գիրին, Պրն. Անաստասիատես հետեւեալ նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ  Վեհափառ Հայրապետին:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս    

 

Ձերդ Սուրբ Օծութիւն,

 

Թոյլ տուէք ինծի իմ անկեղծագոյն երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ձեզի, Կիպրոսի կառավարութեան եւ ժողովուրդին անունով, Ձեր շնորհաւորական նամակին համար, իմ ընտրութեանս առիթով, որպէս Նախագահ Կիպրոսի Հանրապետութեան:

 

Ես համոզուած եմ, որ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը պիտի շարունակուի եւ աւելի՜ով պիտի ծաւալի ու ծաղկի գալիք տարիներուն, որովհետեւ հայերը յատուկ տեղ ունին կիպրացիներու, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի սիրտին մէջ: Եւ աւելին, կիպրացի հայերը միշտ գործօն եւ անանջատելի մասը եղած են կիպրական ընկերութեան, միաժամանակ հաւատարմօրէն ու ամրօրէն պահպանելով իրենց ինքնութիւնը, հաւատքը եւ աւանդութիւնները. այլ խօսքով՝ երբեք չմոռնալով իրենց արմատները:

 

Հաճեցէք ընդունիլ Ձերդ Սուրբ Օծութիւն, իմ խոր յարգանքիս հաւաստիքը, այն սպասումով թէ Ձեր հաւատքը ու իմաստութիւնը պիտի առաջնորդեն մեզ բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն դիմաց:  

 

Յարգանքով՝

Նիքոս Անաստասիատես                                                                          

Նախագահ Կիպրոսի Հանրապետութեան