26 March, 2013

Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Տասը Կուսանաց յիշատակումը

Աւագ Երեքշաբթի 26 Մարտ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան, Աւագ Շաբթուան խորհրդալից արարողութիւններու սկզբնաւորութեան կատարուող՝ Տասը Կոյսերու Յիշատակի ժամերգութեան:

 

Ժամերգութեան ընթացքին, համաձայն տարիներու աւանդութեան, Աւետարանի ընթերցման ժամանակ (Մատթէոս 24.1-26.2), տասը հայ աղջիկներ «Ազգային Եղիշէ Մանուկեան» վարժարանէն, եկեղեցական շապիկներ հագած մոմեր ի ձեռին, դասին մէջ կանգնեցան։ Անոնք կը ներկայացնէին Աւետարանին մէջ ներկայացուած տասը կոյսերը՝ իմաստուն եւ յիմար։ Ընթերցումի ժամանակ երբ կը կարդացուի Տասը Կոյսերուն դրուագը, անոնցմէ հինգը իրենց բաժնուած թուղթին մէջ «իմաստուն» գրութիւնը կարդալով, վառ պահեցին իրենց մոմերը, իսկ անոնք որոնք «յիմար» կարդացին՝ մարեցին զանոնք՝ խորհրդանշելով մարդկային ընկերութեան երկու խումբերը։ Իմաստունները, Տիրոջ Գալուստը դիմաւորելու պատրաստ եղող մարդոց խումբը կը խորհրդանշէին, իսկ մնացեալները՝ անտարբեր մարդիկ, որոնք չեն հետաքրքրուած Աւետարանի բարոյական սկզբունքներով, ու իրենց առօրեան կ’ապրին հեռու քրիստոնէական կեանքի սկզբունքներէն։

 

Արարողութեան աւարտին, Տասը Կոյսերը Մայր Տաճարի օգնական լուսարարապետ Հոգշ. Տ. Տաճատ Աբղ. Աշըգեանի առաջնորդութեամբ բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրական սիրով ընդունեց եւ յուշանուէրներ տալով օրհնեց զանոնք։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն հանդէպ անոնց հետաքրքրութիւնը եւ յորդորեց սիրել իրենց Մայրենի Եկեղեցին եւ գործադրել Աւետարանական պատգամները։

More News