7 April, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ հիմնադրամը կը շարունակէ քաջալերել լիբանանահայ շնորհալի աշակերտները

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, չորրորդ տարին ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական եւ Կրթական Հարցերու գրասենեակը կազմակերպեց ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ աշակերտական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 14 միջնակարգ եւ 10 երկրորդական լիբանանահայ վարժարաններ: Այս տարի, 115 աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացուցին իրենց դպրոցները` նոր խանդավառութիւն եւ ազնիւ մրցակցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ պարգեւելով հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցումներուն, որոնք սկսան Շաբաթ, 2 Մարտ 2013-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ՙԿիլիկիա՚ թանգարանի սրահին մէջ եւ աւարտեցան Կիրակի, 7 Ապրիլ 2013-ին տեղի ունեցած ասմունքի եզրափակիչ հանդիպումով:

 

Արդէն աւանդութեան կարգ անցած այս մրցանքը յաւելեալ լրջութեամբ եւ ա՜լ աւելի համապարփակ տարողութեամբ ամրապնդելու տեսլականէն առաջնորդուած` երկրորդական բաժինի հայ լեզուի եւ գրականութեան մրցումը այս տարի տեղի ունեցաւ երկու հանգրուանով. առաջին հանդիպումին մրցակից աշակերտ-աշակերտուհիները պատասխանեցին գրական, գրականագիտական, վերլուծական եւ շարադրական բազմաճիւղ հարցարանին, իսկ երկրորդ առիթով փորձեցին լայագոյնս արտայայտել իրենց շարադրական ու գրողական շնորհները: Միջնակարգ բաժինի հայ լեզուի մրցանքի հարցարանը, համաձայն նախապէս աշակերտներուն տրամադրուած ուղեցոյցին` այս տարի նաեւ կ’ընդգրկէր ուղղագրական, բառագիտական, քերականական եւ շարադրական չորս ստորաբաժանումներ: Ինչ կը վերաբերի հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնագիտական նիւթերու զոյգ մրցանքներուն, յար եւ նման նախորդ տարիներուն` մասնակիցները մրցումին ներկայացան ամիսներ առաջ իրենց տրամադրուած 40 հարցում-պատասխաններու թղթածրարը լաւապէս սերտելէ ետք:

 

Գրաւոր մրցումներուն զուգահեռ` երկրորդ անգամ ըլլալով, այս տարի նաեւ տեղի ունեցաւ ասմունքի մրցանքը, որ առաջացուց մեծ խանդավառութիւն: Առաւելագոյն թիւով աշակերտ-աշակերտուհիներ` 40 երկսեռ մասնակից, երեք իրերայաջորդ հանդիպումներով մրցեցան իրարու դէմ` դատակազմին, ներկայ տնօրէններու, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու եւ իրենց դասընկեր-դասընկերուհիներու դիմաց արտասանելով նախ պարտադիր, ապա` ազատ եւ պարտադիր, իսկ եզրափակիչ վերջին փուլին` միայն ազատ բանաստեղծութիւններ:

 

ՙԽաչիկ Պապիկեան՚ի անուան նուիրուած վերոնշեալ աշակերտական մրցումները եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ հակառակ նոր ժամանակներու հրապուրիչ նորութիւններուն, համակարգիչի արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացումներուն եւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ վերջին տարիներուն արձանագրուած հայ լեզուի նահանջին ու մեր Մեծասքանչին սպառնացող մարտահրաւէրներուն, լիբանանահայ աշակերտները կը փորձեն կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն եւ անփոխարինելի գանձ մեր մայրենիին` իբրեւ հարազատ ու գիտակից ժառանգորդները Մեսրոպ Մաշտոցի հիմնադրած հայակերտ աւանդին:

More News