Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումի ժողովին

Կազմակերպութեամբ Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումին, 8-9 Ապրիլ 2013-ին, Յորդանանի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն նուիրուած ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:  

 

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ եղաւ քրիստոնեաներու ներկայ իրավիճակին եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Ժողովականները կարեւորութեամբ շեշտեցին միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական երկխօսութիւններու ճամբով իրենց միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ իրենց պատկանած երկիրներու համաքաղաքացիներուն հետ լուծումներ որոնելու եւ եղբայրական ոգին ամրապնդելու հրամայականը, կոչ ուղղելով եկեղեցիներուն կառչած մնալու իրենց հաւատքին եւ աւանդութիւններուն եւ միասնաբար աշխատելու շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու:  

 

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գերպ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան:            

 

Յայտնենք, որ Կլոպըլ Քրիսչըն Ֆորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը անցեալ շաբաթ, Անթիլիասի մէջ, հանդիպում մը ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ` տեղեակ պահելու իր աշխատանքներուն մասին եւ ունենալու Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտները: Նորին Սրբութիւնը ընդգծած էր միջ-եկեղեցական գործակցութեան առընթեր միջ-կրօնական գոյակցութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը: