Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ՝
«ՀԱՅ ՄՕՐ ԴԵՐԸ ՎՃՌԱԿԱՆ Է ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՈՒ ՀԱՅԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ՄԷՋ»
Երեքշաբթի 18 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, իր խօսքը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած շուրջ երկու հարիւր տիկիններուն ուղղելով, որոնք անցնող ամիսներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ ամէն Երեքշաբթի հետեւեցան սերտողութեան՝ կրօնական ու բարոյական հարցերու առնչուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ մօր կարեւոր դերակատարութիւնը շեշտելով մեր Հայ կեանքէն ներս, ըսաւ. «Խօսելով Հայ դպրոցին մասին, յաճախ եւ արդարօրէն զայն կը բնութագրենք որպէս մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց: Այս խոր գիտակցութենէն ու յանձնառութենէն մղուած, մեր եկեղեցին ու մեր կառոյցները միշտ աջակից դարձած են Հայ դպրոցին: Սակայն յաճախ կը մոռնանք, որ մարդակերտումի ու հայակերտումի հիմքը կը դրուի Հայ ընտանիքէն ներս, Հայ մօր առանցքային դերակատարութեամբ: Յաճախ կը մոռնանք, որ դպրոցէն աւելի Հայ ընտանիքի յարկին տակ է որ Հայ աշակերտը իր կեանքի օրերը կ’ապրի: Յաճախ կը մոռնանք, որ Հայ մայրը իր զաւկին մնայուն դաստիարակն է, ինչ տարիքի կամ հանգամանք ալ ունենայ ան: Արդ, որքա՜ն ճակատագրական է դերը հայ մօր»:
Իր հայրապետական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ երկու հիմնական հարցերու: Հայ Մօր Տարուան առիթով ան նկարագրեց Հայ մօր իւրայատուկ կոչումը եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին սպասումը Հայ մայրէն: Վեհափառը յիշեցուց ներկաներուն, թէ «մեր կեանքին հետ աղերս ունեցող դրական կամ բացասական երեւոյթները ուղղակի կամ անուղղակիկօրէն առնչուած են Հայ մօր, որովհետեւ Հայ ընտանիքին կերտման, կազմաւորման ու կազմակերպման գլխաւոր դերակատարը մայրն է: Հայ մայրը սովորական իմաստով կին չէ, դաստիարակ չէ, այլ հիմքն է այն շէնքին, ընտանիքին, որուն վրայ կը կառուցուին թէ՛ եկեղեցին, թէ՛ ազգը եւ թէ հայրենքը: Երբ այդ հիմքը տոկուն չէ, կը նշանակէ որ անոր վրայ բարձրացած որեւէ մէկ կառոյց ուշ կամ կանուխ պիտի տատանի»:
Վեհափառ Հայրապետը մեր կեանքին առնչուած դրական երեւոյթներուն առընթեր նաեւ մատնանշեց մի քանի բացասական երեւոյթներ: Ան ըսաւ.- «Հարց կու տանք, ինչո՞ւ խառն ամուսնութիւնները սկսած են աճիլ մեր կեանքէն ներս: Ինչո՞ւ օրար դպրոց յաճախող աշակերտներուն թիւը սկսած է բարձրանալ: Այս «ինչու»ներուն պատասխանը ուրիշ տեղ մի փնտռէք, այլ Հայ ընտանիքէն ներս: Արդարեւ, Հայ մայրն է որ իր փոքրիկին ձեռքէն բռնած օտար դպրոց կ’առաջնորդէ. Հայ մայրն է որ կոչուած է այնպիսի կրթութիւն տալու իր զաւակին, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն ու բոլոր որոշումներուն մէջ չհեռանայ իր արմատներէն, իր պատկանելիութենէն»:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Աստուած–մարդ յարաբերութեան. «Աստուածաշունչը Աստուած–մարդ յարաբերութեան պատմութիւնն է: Աստուած ի՛նքն է որ մօտեցաւ մարդուն: Աստուած ինքն է որ ընտրեց մեղաւոր մարդը. Աստրուած ինքն է որ իր Միածին Որդին ղրկեց մարդուն փրկութեան համար: Ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց մարդուն համար: Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ հետ ըլլալ, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ եղաւ: Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը Աստուծոյ ներկայութիւնն է մեր կեանքին մէջ: Արդ, եեկեղեցի կ’երթանք Աստուծոյ հետ ըլլալու համար: Աստուած միշտ պատրաստ է մեզի հետ ըլլալու. արդեօք մենք պատրա՞ստ ենք Աստուծոյ հետ ըլլալուբ»: Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառը ըսաւ. «Դժբախտաբար մեր կեանքը այնքան խճողուած է, որ կարծէք ժամանակ չունինք Աստուծոյ հետ ըլլալու, մեր ժամադրութիւնը յարգելու: Մեր առօրեայ կեանքին մէջ երբ որեւէ հանդիպում ունինք, ուշադիր կ’ըլլանք մեր հագուստ–կապուստին, ուշադիր նաեւ՝ մեր ժամադրութիւնը յարգելու մէջ: Դժբախտաբար, այսօր եկեղեցի կու գան մեր զաւակները, այր թէ կին, այնպիսի հագուածքով, որ երբեք ընդունելի չէ: Եկեղեցին սովորական վայր չէ, Աստուծոյ տունն է. ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է մօտենանք եկեղեցւոյ»:
Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առիթ տուաւ տիկիններուն որ հարցումներ ուղղեն իրեն: Հանդիպումին սկիզբը եւ վերջը խօսք Հայ Կանանց Հոգեւոր Լսարանի պատասխանատուներ՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Աբղ. Սաղտըճեանն ու Հոգշ. Տ. Նշան Աբղ. Լախոյեանը, որոնք իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ խոստացան նոյն նուիրումով շարունակել տիկիններու յատուկ հոգեւոր սերտողութիւնը Կաթողիկոսարանէն ներս: