ՙՀակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնք վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՙՄիջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Ներկայութիւնը ու Վկայութիւնը՚ կարգխօսը կրող միջազգային համագումարին: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ: Անոր կը մասնակցին շուրջ 200 հոգի՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն: Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ, զոր կարդաց Մասիս…