Հինգշաբթի 2 Մայիս 2013-ի գիշեր Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ եւ գիրքերու հեղինակ՝ Դոկտ. Թանէր Աքչամը: Հանդիպումը առիթ եղաւ անդրադարձ կատարելու Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցած զարգացումներուն: Թանէր Աքչամ, որ նախապէս երկու առիթներով այցելած էր Անթիլիաս, ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին տարած աշխատանքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով ու յատկապէս Վեհափառին դրած շեշտը իրաւական մարզին: