Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ 1 Յունիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան ընդհ. Տնօրէնը՝ Դոկտ. Ուոլթըր Պանտազեանը, ընկերակցութեամբ նոյն հաստատութեան Լիբանանի Տնօրէնին՝ Սերոբ Օհանեանին: Յայտնենք, որ Գարակէօզեան հաստատութեան գործունէութեան ծիրէն ներս կը գործեն երեք կեդրոններ՝ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Դոկտ. Պանտազեան, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիու Եորքի մէջ,  ընդհանուր պատասխանատուն է յիշեալ կառոյցնեու աշխատանքներուն:

 

Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ Գարակէօզեանի պատասխանատուներուն ընդհանուր զեկոյց մը տալու հաստատութեան յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ կեդրոններու աշխատանքներուն մասին: Դոկտ. Պանտազեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեց, որ ներկայ տարուան ընթացքին հաստատութիւնը արդէն իսկ 75000 տոլար տրամադրած է Սուրիոյ կարիքաւոր ընտանիքներուն Գարակէօզեանի ճամբով, իսկ 50000 տոլար Լիբանանի կեդրոնին՝ նոյն նպատակին համար:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Գարակէօզեանի կատարած աշխատանքներուն ու շեշտեց Սուրիոյ հայերու օգնութեան յատուկ կարեւորութիւն տալու հրամայականը, Լիբանանի թէ Սուրիոյ մէջ: Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ թելադրեց, որ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցներ յաճախող ու հոգեբանական օգնութեան կարիք ունեցող շուրջ 100 աշակերտներու, ինչպէս նաեւ դանդաղ սորվող շուրջ 25 աշակերտներու Գարակէօզեան հաստատութիւնը աւելի կազմակերպ ու մասնագիտական մօտեցումով շարունակէ օգտակար դառնալ՝ խորհրդակցաբար դպրոցներու տնօրէններուն հետ: