Ուրբաթ 10 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Վեհարանի դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Միջին Արեւելքի Քրիստոնեայ Համայնքներու Համախմբումի Վարչութիւնը առաջնորդութեամբ յիշեալ վարչութեան Ատենապետ Մազլում Արքեպիսկոպոսին: Յայտնենք, որ յիշեալ համախմբումը շուրջ վեց տարիներ առաջ յառաջացած էր շրջանի եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու օրհնութեամբ: Անոր նպատակն է համախմբել Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները, ներդաշնակել անոնց ունեցած կարելիութիւնները ու մարդուժը եւ որոնել ազդու միջոցներ քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը ապահովելու իրենց ապրած երկիրներու ընկերութեան կեանքին: Յիշեալ համախմբումին մաս կը կազմեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ Գերպ. Տ Մասիս Ծ. վրդ Զօպույեան:
Վեհափառ Հայրապետին հետ համախմբումի վարչութեան հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումները, Արաբական Գարունի ստեղծած նոր կացութիւնը, քրիստոնեայ համայնքներու մօտեցումը, ու յատկապէս Սուրիայէն ներս տեղի ունեցող զարգացումները:
Ակնարկելով յիշեալ հարցերուն Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու շրջանին կապուածութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը՝ հակառակ անոնց դիմագրաւող բազմաթիւ դժուարութիւններուն: Վեհափառը նաեւ կարեւորեց քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկողոսներուն հարցին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին, Մազլում Արքեպիսկոպոս Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնապէս փոխանցեց հրաւէր՝ մասնակցելու յառաջիկայ Հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համաքրիստոնէական համագումարին, որուն նաեւ պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու սփիւռքի ներկայացուցիչները: