Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք ձեզ, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւորներ:
Մեր Սուրբ Աթոռին ենթակայ թեմերուն կողմէ ընտրուած էք, որպէսզի հաւաքաբար քննարկումի ու արժեւորումի ենթարկէք Հայրապետական մեր Սուրբ Աթոռին կատարած առաքելութիւնը՝ անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին: Արդարեւ, ինչ որ կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ, սովորական իմաստով գործունէութիւն չէ, այլ՝ իր էութեամբ, խորքով ու նպատակով հաւատքի առաքելութիւն է ու ազգային ծառայութիւն: Եկեղեցին ու ազգը սերտօրէն շաղախուած են մեր Սուրբ Աթոռին հաւաքական կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ: Տարանջատումի որեւէ փորձ խոտոր կը համեմատի մեր եկեղեցւոյ կոչումին եւ պատմութեան ընթացքին մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եկեղեցւոյ կեդրոնական ներկայութեան եւ ունեցած առանցքային դերակատարութեան:
Արդարեւ, Մեր Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման առաջին իսկ օրէն, հետեւեալ երեք սկզբունքները դարձուցինք Մեր հովուապետական ծառայութեան հիմքը, հէնքը ու նպատակը.– Առաջին, եկեղեցին սոսկ կառոյց չէ, այլ՝ Քրիստոսակեդրոն սիրով, հաւատքով ու յոյսով շաղկապուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջութիւնն է: Երկրորդ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սոսկ վայր չէ, այլ՝ իր էութեամբ ու կոչումով հաւատքի վկայութիւն է ու ժողովրդանուէր ծառայութիւն: Երրորդ, Կաթողիկոսարանը սոսկ վարչական կեդրոն չէ, այլ՝ իր թեմերով ու ժողովուրդով Կաթողիկոսութիւն է: Ոչ միայն Մեր պատգամներուն ճամբով յաճախակի կերպով շեշտեցինք այս երեք սկզբունքներուն կենսական կարեւորութիւնը, այլ փորձեցինք զանոնք կեանքի ու գործի վերածել Մեր նախաձեռնած ծրագիրներուն, կատարած աշխատանքներուն ու ծաւալած փոխ-յարաբերութիւններուն ճամբով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու վկայութեան վրայ նետուած հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւարար է ըմբռնելու հոգեւոր ու ազգային այս կեդրոնին կողմէ կատարուող բազմատարած առաքելութեան ու լայնածաւալ ծառայութեան հարազատ բնոյթը, իւրայատուկ շեշտը ու ճշմարիտ նպատակը: Իր բազմազանութեամբ ու այլազանութեամբ, իր խորքով ու ծաւալով, իր որակով ու քանակով փաստօրէն պետութեան մը համազօր գործ է որ կը կատարուի Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուող ծառայութիւնը հաւաքական ճիգի արդիւնք է, ուր ներկայ են հոգեւորական թէ աշխարհական, ժողովական թէ պաշտօնեայ, իւրաքանչիւրը բան մը դնելով, Աւետարանի բառերով՝ «գոյիւ չափ զկեանս իւր» (Մարկ. 12, 44), ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան սրբազան գանձանակին մէջ: Եւ ինչ որ կը փորձենք կատարել ո՛չ պարագայական է եւ ո՛չ ժամանակավրէպ, այլ ընդառաջում է մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս յառաջացող մտահոգութիւններուն ու հրամայականներուն: Արդարեւ, մեծ ակնկալութիւններ ունի մեր ժողովուրդը դարաւոր այս Սուրբ Աթոռէն: Չենք կրնար, իրաւունք չունինք, անտեսելու մեր ժողովուրդին տակաւ աճող կարիքներն ու սպասումները: Չենք կրնար, իրաւունք չունինք, լուռ ու անտարբեր մնալու մեր ժողովուրդը յուզող տեղական կամ համահայկական խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն նկատմամբ: Եկեղեցին իր պատերէն անդին՝ պէտք է երթայ ժողովուրդին, նոյնանայ իր ժողովուրդի տագնապներուն ու երազներուն հետ, բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ծառայելով ժողովուրդին ու դառնալով ճշմարիտ ու քաջ հովիւը ժողովուրդին, որ Աւետարանի բացատրութեամբ՝ «զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց» (Յովհ. 10, 11):
Ա՛յս գիտակցութեամբ ու տեսիլքով Դպրեվանքին մէջ կը կազմաւորուին մեր հոգեւորականները: Ա՛յս հաւատքով ու նուիրումով մեր միաբանները կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հո՛ս է, յանձնառու ու նպատակասլաց ծառայութեան մէջ, Հայրապետական այս Սուրբ Աթոռին հզօրութիւնը ու մեծութիւնը, վարկը ու որակը: Հետեւաբար, հարկ է ըլլալ նախանձախնդիր ու խստապահանջ այս Սուրբ Աթոռին ծառայութեան նկատմամբ:
Կաթողիկոսարանի ծառայութիւնը ժողովուրդին ուղղուած ըլլալով, միշտ ենթակայ է վերատեսութեան ու վերաքննութեան՝ նկատի ունենալով ներկայ աշխարհի յարափոփոխ պայմանները եւ անոնց անմիջականօրէն ենթակայ ու տարբեր միջավայրերու մէջ ապրող մեր գաղութները: Անհրաժեշտ է հետեւաբար, համապարփակ հայեցակէտով ու արժեչափով քննել ու արժեւորել մեր Աթոռին ծառայական առաքելութիւնը: Անհրաժեշտ է նաեւ, որ մեր մօտեցումը ըլլայ ապագայատեսիլ. այլ խօսքով, կատարուածէն անդին պէտք է մեր մտքերը սեւեռենք կատարուելիքին եւ երէկէն՝ վաղուան վրայ: Ա՛յս հայեցակէտով դիտելով մեր ժողովուրդի ներկայ կեանքը, եւ այդ կեանքէն ներս մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իւրայատուկ դերը, պիտի ուզենք երեք բնագաւառներ մատնանշել, որոնք, Մեր կարծիքով պէտք է դառնան մեր Սուրբ Աթոռին յառաջիկայ շրջանի առաքելութեան ու ծառայութեան կիզակէտը.–
1.– Հարկ է Սփիւռքը մղել դէպի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում
Ցեղասպանութենէն յետոյ, երբ մեր ժողովուրդը պարտադրաբար Սփիւռք դարձաւ, իր կեանքը վերակազմակերպեց՝ կրօնական, կրթական, մշակութային ու ազգային կառոյցներուն շուրջ: Սփիւռքը շուտով դարձաւ մեր հաւաքական գոյապայքարին ու պահանջատիրութեան ամուր կռուանը: Այսօր, սակայն, Սփիւռքը ներքին մաշումի ու գունաթափումի մէջ է՝ հակառակ իր ստեղծած բազմազան ու այլազան կառոյցներուն, իր ունեցած տնտեսական լայն կարելութիւններուն ու Հայաստանէն արտագաղթի մնայուն հոսքին: Համաշխարհայնացումը իր արժէքներով ու արժեչափերով, կենցաղակերպով ու մշակոյթով սկսած է մեր ինքնութեան արմատները կրծել, մեր ինքնահասկացողութիւնը աղօտել, մեր գաղութներուն ներուժը ջլատել: Այս վտանգին դիմաց, մեր գաղութները ընդհարապէս ինքնակղզիացման մէջ կը փորձեն տեսնել իրենց ապահովութիւնը, սոսկ եղածը պահելուն մէջ կը փնտռեն իրենց պաշտպանութիւնը ու անցեալին նայելուն մէջ կը փորձեն տեսնել իրենց ինքնութեան պահպանումը: Նման մտածելակերպ ու գործելակերպ Սփիւռքը պիտի առաջնորդէ դէպի ինքնաքայքայում, եթէ ան շուտով համաշխարհայնացած աշխարհի իրականութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն համահունչ միջոցներու դիմելով վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի հաւաքական ընթացք մը չճշդէ՝ իր մարդկային, հոգեմտաւոր ու նիւթական կարողականութեան ամբողջական ներուժով ու լարումով:
Այս ծիրէն ներս Մեր մտածման սեւեռակէտը կÿուզենք դարձնել մեր թեմերը: Արդարեւ, մեր թեմերուն կազմակերպչական ներքին դրուածքը ու աշխոյժ գործունէութիւնը անկասկած արժանի է յատուկ ուշադրութեան ու բարձր գնահատանքի: Միաժամանակ սակայն, մեզ շրջապատող յարափոփոխ պայմաններուն ու նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր թեմերը կոչուած են համապատասխան միջոցառումներու դիմելու թէ՛ կազմակերպչական, թէ՛ մարդուժի եւ թէ ժողովուրդի հոգեւոր ու ազգային կարիքներուն ընդառաջելու իմաստով:
Ժողովուրդի կեանքէն ներս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կենսագործումը՝ եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաշխուժացումով, անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է: Արդարեւ, եթէ չկարենանք հայ ընտանիքի սրբութիւնը պահպանել՝ անոր նուիրական յարկին տակ հոգեւոր ու բարոյական առողջ մթնոլորտի ստեղծումով, եթէ չկարենանք նորահաս սերունդները հայօրէն կազմաւորել՝ հայ դպրոցէն ներս քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը վերակազմակերպելով, եթէ չկարենանք մեր ժողովուրդի վեհ իտէալներով ու ձգտումներով թրծել մեր երիտասարդները՝ ազգային, մարզական ու մշակութային կառոյցներուն շուրջ համախմբելով զանոնք, մեր ազգի ապագան պիտի մթագնի Սփիւռքի մէջ:
Սփիւռքի կազմակերպման ու գոյատեւման մէջ ճակատագրական եղաւ դերը եկեղեցւոյ. նո՛յը պէտք է ըլլայ այսօ՛ր Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման մէջ: Մեր թեմական կառոյցները ու յատկապէս մեր ծուխերը, որոնք կը կազմեն հիմքը թեմի կամ գաղութի կեանքին, պէտք է դուրս գան իրենց ներամփոփ գոյավիճակէն ու ինքնակեդրոն գործունէութենէն՝ աւետարանչական ու դաստիարակչական առաքելութիւնը ու ազգային ծառայութիւնը դարձնելով իրենց առաքելութեան մղիչ ուժը: Մեր եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութիւնը վերանորոգելու ու կենսագործելու մէջ առանցքային է դերը հոգեւոր դասուն: Հոգեւորականն է որ մեր եկեղեցին իր աստուածային խորհուրդով ու քրիստոսաւանդ պատգամով, իր պայծառակերպիչ առաքելութեամբ ու ազգակերտ ծառայութեամբ պիտի տանի ժողովուրդին: Հետեւաբար, հոգեւորականի պատրաստութիւնը մեր Սուրբ Աթոռին համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Մեր միաբանութեան թիւը շուտով պիտի հասնի 56–ի: Թիւէն աւելի մենք պիտի շարունակենք որակի՛ն վրայ շեշտը դնել: Դժբախտաբար սակայն, քահանայ հայրերու ներկայ պատկերը, քանակի թէ որակի իմաստով, չի համապատասխաներ մեր կեանքի պայմաններուն ու պահանջներուն: Մեր թեմերը կարեւոր դեր ունին այս մտահոգիչ կացութիւնը դարմանելու մէջ:
Տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով մեր թեմերը բնականաբար տարբեր կարիքներ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն: Տարբերութիւնները պահելով հանդերձ հասարակաց մտահոգութիւններուն ու խնդիրներուն նկատմամբ հարկ է որդեգրել ընդհանրական ու հաւաքական մօտեցում: Մեր թեմերը հեռու պէտք է մնան ինքնակեդրոն գոյավիճակի ու ինքնանպատակ գործունէութեան առաջնորդող գործելակերպերէ: Տեղականը ու համահայկականը, ապակեդրոնացեալ ու համարատու գործելակերպերը պէտք է իրարու հետ սերտօրէն ներդաշնակուին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համայնական կեանքին ու առաքելութեան ծիրէն ներս: Նման մօտեցում առաւել որակ ու կենսունակութիւն պիտի տայ թեմերու կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ առաւել հզօրութիւն՝ մեր Սուրբ Աթոռին առաքելութեան:
2.– Հարկ է երիտասարդութիւնը շաղախել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով
Մեր պատգամներուն, հրատարակութիւններուն եւ ընդհանրապէս աշխատանքներուն մէջ կեդրոնական տեղ ենք յատկացուցած երիտասարդութեան՝ զայն նկատելով ո՛չ թէ սոսկ մեր ապագան, այլ մեր ներկա՛ն: Անցեալ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին առանձին նիստ մը յատկացուցինք երիտասարդութեան. նաեւ ներկայ Ազգ. Ընդհանուր Ժողովին օրակարգի գլխաւոր հարցերէն մէկն է երիտասարդութիւնը: Երիտասարդութեան յատուկ բաժանմունք մը հաստատեցինք Կաթողիկոսարանէն ներս: Նո՛յնը թելադրեցինք մեր թեմերուն: Համագումարներ, հանդիպումներ ու դասախօսութիւններ կազմակերպեցինք: Հակառակ այս կարեւոր նախաձեռնութիւններուն, Մեր արժեւորումով, արդիւնքը ցարդ բաւարար չէ:
Արդարեւ, ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ փոքր յաջողութիւնները մեծ իրագործումներու պատմուճանով ներկայացնելու փորձութենէն մեր Սուրբ Աթոռը միշտ հեռու է մնացած: Գիտե՛նք, որ իրատեսութիւնը կրնայ յոռետեսութեան առաջնորդել: Միաժամանակ կը հաւատանք, որ իրապաշտ մօտեցումը ու ինքնաքննական ոգին կը կազմեն լուրջ աշխատանքին իրաւ արժեչափը ու յաջողութեան գաղտնիքը: Լայն չափով տեղեակ ըլլալով մեր թեմերու ներքին կեանքին ու քաջածանօթ ըլլալով ընդհանրապէս Սփիւռքին, կրնանք անվարան հաստատել որ այսօր մեր երիտասարդութեան պարզած պատկերը մտահոգիչ է: Երիտասարդութիւնը ընդհանրապէս մեր կեանքի լուսանցքին վրայ է, ոմանք նոյնիսկ՝ լուսանցքէն դուրսբ: Եթէ այսօր երիտասարդութիւնը մեր կեանքին մէջ ներառող ազդու միջոցներու չդիմենք, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:
Մեր կառոյցները, ներառեալ եկեղեցին, փաստօրէն չեն կրցած կապ պահել արագ ու արմատական փոփոխութեան մէջ գտնուող ներկայ աշխարհի վերիվայրումներուն, հոն յառաջացող հոսանքներուն, փչող հովերուն ու կատարուող զարգացումներուն անմիջականօրէն հաղորդ մեր երիտասարդութեան հետ: Արդարեւ, անցանկապատ ընկերութեան մաս կազմող հայ երիտասարդը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իր ինքնութիւնը պաշտպանել: Համաշխարհայնացման մշակոյթին ազդեցութեան տակ ապրող հայ երիտասարդը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ կառչած մնալ իր մշակութային արժէքներուն: Ընտանիքի բոլորովին տարբեր հասկացողութեան լայն տեղ տուող ներկայ ընկերութեան մէջ, հայ երիտասարդը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ պահպանել հայ ընտանիքի կառոյցը, սրբութիւնը ու կոչումը, որպէս հիմքը իր ազգային գոյութեան: Տեսական հարցադրումներ չեն ասոնք, այլ՝ մեր առօրեային հետ աղերս ունեցող լուրջ մտահոգութիւններ: Եթէ Մեր մատնանշած երեւոյթները երէկ յատուկ էին միայն արեւմտեան ընկերութեան մէջ ապրող հայ երիտասարդին, այսօր անոնք մաս կը կազմեն նաե՛ւ Միջին Արեւելքին մէջ ապրող հայ երիտասարդի կեանքին:
Այս մտահոգիչ երեւոյթները կը ստիպեն մեզ, որ հայ երիտասարդութեան նկատմամբ մեր աւանդական ըմբռնումները վերատեսութեան ենթարկենք եւ փորձենք հայ երիտասարդը դիտել այսօրուա՛ն ընկերութեան կեանքին մէջ՝ հեռու ամէն տեսակ բացասական ու վանողական մօտեցումներէ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կրնանք հայ երիտասարդը, առանց կտրելու համաշխարհայնացումի մշակոյթէն, ինչ որ կարելի չէ, ուղղել դէպի հա՛յ կեանք՝ անոր ներարկելով գէթ մեր հոգեւոր, բարոյական, ազգային ու մշակութային արժէքներու, աւանդութիւններու ու իտէալներու ոգին: Բնականաբար, սա դիւրին աշխատանք չէ. սակայն մեր եկեղեցւոյ, հայ ընտանիքին ու հայ դպրոցին եւ մեր կառոյցներուն համար ան պէտք է դառնայ ամէնօրեայ տագնապ,անյետաձգելի առաջնահերթութիւն ու հաւաքական ճիգ:
Երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը մեր կեանքին՝ կը նշանակէ մեր համայնական կեանքը կազմող կառոյցներուն երիտասարդացում, անոնց մօտեցումներուն մասնագիտականացում եւ անոնց գործելակերպերուն ու գործունէութեան վերանորոգում: Անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ կաղապարուած տեսակէտներէ, զմռսուած մտածողութենէ, սոսկ եղածը պահելու մտավախութենէն եւ մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու կամքով շաղախուած ու տեսիլքով զսպանակուած ընթացք մը ճշդել: Երիտասարդութեան դերը ճշդորոշիչ է այս գծով:
3.– Հարկ է պահանջատիրական մեր պայքարին տալ նոր որակ եւ ուժականութիւն
Մեր ազգային պահանջատիրութիւնը, ցեղասպանութեան ճանաչումով ու մեր մարդկային ու ազգային իրաւունքներու հատուցումով, եղաւ զօրեղ կռուաններէն մէկը Սփիւռքի ամբողջականութեան պահպանման, անոր գոյատեւման ու հզօրացման: Ո՛չ մէկ ընկրկում ու նահանջ ներելի է մեր պահանջատիրութեան նկատմամբ: Սփիւռքը իր ամուր վճռակամութեան փաստը տուած է ու միշտ պատրաստ է տալու:
Ազգովին կը պատրաստուինք նշելու 20–րդ դարու մարդկային առաջին հաւաքական ոճիրին՝ հայոց ցեղասպանութեան 100–ամեակը: Ընթացիկ ամեակ մը չէ որ պիտի նշենք: Հետեւաբար, սովորական մօտեցումներով պէտք չէ կազմակերպենք այս վճռադրոշմ հանգրուանը մեր ժամանակակից պատմութեան: Աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններով ու շահերով յատկանշուող ներկայ աշխարհին մէջ, 100–ամեակի կազմակերպումը մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցում կը պահանջէ:
Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է միասնական ոգիով ու միակամ կեցուածքով աշխարհին ներկայանալ: Հո՛ս է մեր հաւաքական ուժին աղբիւրը: Ցեղասպան թուրքը պէտք է գիտնայ, որ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս առկայ տարբերութիւնները կը չքանան համահայկական կշիռք, իմաստ ու նպատակ ունեցող հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց եւ թէ՝ ինք միշտ պիտի ձախողի՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երբեմն տարբեր շեշտաւորումները բաժանարար որակումներով ներկայացնելու իր ճիգին մէջ: Միջազգային համայնքը նաեւ պէտք է իմանայ, թէ՝ ամբո՛ղջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, նո՛յն ու անխախտ կեցուածքը ունի ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Երկրորդ, նաեւ հրամայական է որ մենք առաւե՛լ վճռակամութեամբ կառչած մնանք մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ շեշտեցինք ցեղասպանութեան ճանաչումը: Ժամանակը հասած է, որ առանց անտեսելու ցեղասպանութեան ճանաչման հիմնահարցը, յատուկ կարեւորութիւն ընծայենք ցեղասպանութեան հատուցման՝ ճանաչումը ու հատուցումը նկատելով զիրար լրացնող մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն: Այս մօտեցումով անցեալ տարի նոյն այս սրահին մէջ կազմակերպեցինք միջազգային համագումար մը, միջազգային օրէնքի մասնագէտներու ու դատաւորներու մասնակցութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ այս գործընթացը: Արդ, այլեւս աւանդական ձեռնարկներու ծիրէն ներս պէտք չէ սահմանափակենք մեր աշխատանքը: Հարկ է լրջօրէն նկատի ունենալ միջազգային համայնքէն ներս ցեղասպանին ներկայ դիրքը, ցեղասպանութիւնը ժխտող իր լայնածաւալ ու հետեւողական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ մեզ շրջապատող կրօնա–քաղաքական պայմանները: Եւ աւելի՛ն, անհրաժեշտ է մեր պահանջատիրութիւնը լսելի դարձնել իրաւական ու քաղաքական այնպիսի միջոցներով, որոնք համահունչ են միջազգային օրէնքներուն ու մեծ պետութիւններու աշխարհաքաղաքական շահերուն:
Երրորդ, ինչպէս Երեւանի մէջ 100–ամեակի ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովի նիստին ըսինք՝ յիշելը, յիշեցնելը ու պահանջելը պէտք է դառնան մղիչ ուժը ցեղասպանութեան 100–ամեակի առիթով կազմակերպուելիք բոլոր աշխատանքներուն: Հայաստանը, որպէս պետութիւն, եւ Սփիւռքը, որպէս ցեղասպանութեան հետեւանքով սփիւռքացած ժողովուրդ, բնականաբար տարբեր շեշտով ու ոճով հարկ է որ արժեւորեն այս անկիւնադարձային հանգրուանը մեր պատմութեան: Սակայն, անհրաժեշտ է որ Հայաստան ու Սփիւռք պատմական, իրաւական ու պահանջատիրական նո՛յն ենթահողին վրայ կանգնած նո՛յն ուղղուածութեան մէջ ըլլան՝ ներքին ներդաշնակութիւն յառաջացնելով իրենց երբեմն տարբեր շեշտաւորումներուն միջեւ: Այս բոլորէն առաջ ու վեր, մեր սպասումն է որ 100–ամեակի առիթով Հայաստանի պետութիւնը ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով դիմէ Միջազգային Արդարութեան Ատեան (International Court of Justice): Նման քայլ մը վստահաբար կարեւոր նուաճում մը պիտի ըլլայ մեր պահանջատիրական պայքարին մէջ:
Ցեղասպանութիւնը ապրած եւ իր Կաթողիկոսական կայքէն աքսորուած ծերունազարդ Սահակ Կաթողիկոս հայ ժողովուրդի կեանքին ամենէն ողբերգական պայմաններուն մէջ իր պահանջատիրական ձայնը բարձրացուց: Նո՛յնը կատարեցին իրեն յաջորդող մեր Հայրապետները: Նո՛յնը պիտի շարունակենք կատարել Մե՛նք՝ յանուն իրաւազրկուած մեր ժողովուրդին ու իր սրբազան դատին:
Իր ժողովուրդի մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, պայքարին ու պահանջատիրութեան հետ ինքզինք նոյնացուցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ մնալ՝ վերանորոգ հաւատքով, նուիրումով ու տեսիլքով,
Հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու ու իտէալներու աննկուն առաքեալը.
Համահայկական մտածողութեան առաջընթաց ջահակիրը.
Ազգային միասնականութեան ջերմ ջատագովը.
Իր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն քաջ պաշտպանը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
12 Յունիս 2013
Անթիլիաս, Լիբանան