Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին յատուկ առաքելութեամբ Լիբանան գտնուող Գերմանիոյ տարբեր համալսարաններէն խումբ մը դասախօսներ ու ուսանողներ: Սեն Ժոզեֆ համալսարանին հետ գործակցաբար կազմակերպուած յիշեալ այցելութեան նպատակն էր մօտէն տեղեակ դառնալ քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութեան եւ անկէ յառաջացող մտահգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն:
Շուրջ քառասուն հոգիներէ բաղկացած խումբին մէջ կային քրիստոնեաներ ու իսլամներ, եւ նաեւ թուրքեր: Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ժան Սալմանեան լայն ծանօթութիւններ տուին պատուիրակութեան հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, հայ–իսլամ գոյակցութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: