Կոկիկեան համալսարանական կրթական հիմնադրամի տնօրէնուհին այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ին Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Կոկիկեան Համալսարանական Կրթանպաստի տնօրէնուհ Տիկին Սուհէյլա Հայէք: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահել յիշեալ Հիմնադրամի գործունէութեան մասին, եւ լսել իր թելադրութիւնները:

 

Յայտնենք, որ յիշեալ հիմնադրամի հաստատման մէջ Վեհափառը կարեւոր դեր ունեցաւ եւ հիմադրամը հաստատող Տիար Միշէլ Կոկիկեան մնայուն կապի մէջ է Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հիմնադրամին նպատակն է լման կրթանպաստ յատկացնել բոլոր հայ ուսանողներուն, որոնք կ’ընտրեն հանրային ծառայութեան առնչուած նիւթեր, ինչպէս օրինակ՝ քաղաքական գիտութիւն, միջազգային օրէնսգիտութիւն, հանրային առողջապահութիւն, տնտեսագիտութիւն, եւլն: Ներկայիս 17 հայ ուսանողներ կ’օգտուին յիշեալ հիմնադրամէն:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայնեց հիւմնադրամի գործունէութեան գծով, եւ քաջալերեց որ ուսման ատակ մեր երիտասարդ–երիտասարդուհիները օգտնուին հիմնադրամի ընձեռած կարելիութիւններէն, բնականաբար լրացնելով կրթանպաստ ստանալու պայմանները: