Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնը

Ուրբաթ 22 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգ. Գրադաանի Տնօրէն Տիար Տիգրան Զարգարեանը՝ ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարան մատենադարանի Տնօրէն Գերշ. Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի եւ Հայակազեան Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժանմունքի Վարիչ Տիար Անդրանիկ Տաքէսեանի:

 

Պրն. Զարգարեան զեկուցեց Վեհափառ Հայրապետին Հայաստանի Ազգ. Գրադարանէն ներս կատարուած աշխատանքներուն ինչպէս նաեւ նոր ծրագիրներուն մասին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ յատուկ գործակցութիւն գոյութիւն ունի Ազգ. Գրադարանին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մատենադարանին միջեւ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ողջունեց Ազգ. Գրադարանի գործունէութիւնը, շեշտելով թէ յատուկ կարեւորութիւն հարկ է ընծայել Հայաստանի մէջ մշակոյթի ու կրթութեան բնագաւառներուն: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց գործակցութեան յատուկ կարեւորութիւնը Ազգ. Գրադարանին եւ Սփիւռքի գրադարաններուն միջեւ, վեր առնելով մեր մշակութային ժառանգը պահելու ու պահպանելու եւ աւելի զարգացնելու հրամայականը: