ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ՝
ԵՐԱՇԽԻՔ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ
Նոր Կտակարանը Քրիստոսի յարութիւնը կը նկարագրէ որպէս կեանքի յաղթանակը մահուան դէմ: Քրիստոնէական հաւատքին այս հիմնական ճշմարտութիւնը խիտ ու յստակ բառերով կ’արտայայտեն հայ եկեղեցւոյ ծէսէն պոկուած հետեւեալ տողերը.–
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց.
Մահուամբ զմահ կոխեաց
Եւ Յարութեամբն իւրով՝
Մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
Մեկնելով յիշեալ հաստատումէն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կէտերը շեշտել.–
Առաջին, Աստուծոյ Որդիին յարութիւնը իրողական դէպք է: Նոր Կտակարանը կը վկայէ թէ՝ Աստուծոյ Որդին մարդ դարձաւ, մարդոց հետ ու մարդոց պէս ապրեցաւ ու իր երկրաւոր առաքելութեան աւարտին խաչուեցաւ, թաղուեցաւ ու յարութիւն առաւ: Քրիստոսը հալածած ու ապա անոր Աւետարանին ամէնէն զօրեղ ջատագովը դարձած Պօղոս Առաքեալ, կ’ըսէ թէ՝ ինք Քրիստոսը ընդունած է այն անխախտ հաւատքով որ ան մեռած ու յարութիւն առած է (Ա.Կր 15): Քրիստոսի քարոզած արժէքներն ու ճշմարտութիւնները աշխարհ տանելու կոչուած առաքեալները ո՛չ միայն Աւետարանի սերմերը ցանեցին, այլ Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով զօրացած արիաբար նահատակուեցան. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14). Առաքեալին այս հաստատումը դարձաւ Քրիստոնէական հաւատքին էութիւնը ու եկեղեցւոյ ամրութեան առանցքը: Հարկ է հետեւաբար զգոյշ ըլլալ նոր ժամանակներու այն հերետիկոսական մօտեցումներէն, որոնք բաժանման գիծ կը քաշեն «պատմական Յիսուսի» եւ «հաւատքի Քրիստոսի» միջեւ:
Երկրորդ, Քրիստոս իր մահով մա՛հը յաղթեց: Մահուան նուաճումը սովորական երեւոյթ չէր. ան աստուածային ուղղակի միջամտութեան արդիւնք էր: Ահա թէ ինչու Քրիստոսի աշակերտները յարութեան դէպքին մէջ գերազանցօրէն Քրիստոսի հրաշափառ յաղթանակը տեսան՝ «Փառք Աստուծոյ, որ մեզի յաղթանակ պարգեւեց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Ա.Կր 15.57) կը հաստատէ Առաքեալը: Այդ յաղթանակը դիւրին չշահուեցաւ. ան արիւնով կերտուեցաւ, խաչո՛վ նուաճուեցաւ: Մահով տիրապետուած աշխարհ գալով, Աստուծոյ Որդիին առաքելութեան նպատակը մահով մահը յաղթել էր, որովհետեւ ա՛յս էր մարդուն առջեւ փրկութեան ճշմարիտ ճամբան բանալու միակ միջոցը:
Երրորդ, մահը յաղթելով Քրիստոս մեզի կեա՛նք պարգեւեց: Քրիստոսի խաչելութիւնն ու յարութիւնը ինքնանպատակ չէին. անոնց նպատակը անկեալ մարդուն վերականգնումն էր: Պօղոս Առաքեալ, վկայելէ ետք թէ՝ ինք Քրիստոսի հետեւած էր որովհետեւ ան մեռած էր մարդուն մեղքերուն համար ու յարութիւն առած մարդուն կեանք շնորհելու համար (Ա.Կր 15), կ’ըսէ թէ «Քրիստոս մեզի՛ համար մեռաւ, որպէսզի մենք իրմո՛վ կենդանի ըլլանք» (Ա.Թս 5. 10): Արդարեւ, դրախտէն վտարուած մարդը չէր կրնար վերադառնալ իր Երկնաւոր Հօր առանց աստուածային փրկարար միջամտութեան: Իր մէջ աստուածատիպ մարդը ապականած մարդուն «առաւել կեանք» (Յհ 10.10) պարգեւելու առաքելութեամբ Աստուծոյ Որդին երկինքէն երկիր իջած էր: Նոյն Առաքեալը կը հաստատէ՝ թէ Աստուած «մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսո՛վ» (Եփ 2.5): Արդ, Քրիստոսի յարութիւնը մարդու վերստին ծննդեան աղբիւրն է:
Չորրորդ, Քրիստոսի յարութիւնը ապաւէն է ու հրաւէր փրկութեան: Աստուծոյ Որդիին մարդեղացման նպատակը մարդու փրկութիւնն էր: Արդարեւ, մարդէն դէպի Աստուած, երկրէն դէպի երկինք առաջնորդող ճամբան փակուած էր մարդու մեղքով: Այս հայեցակէտով հարկ է դիտել Յիսուսի ծնունդը, առաքելութիւնը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը: Եթէ Յիսուսի ծնունդը կոչ էր փրկութեան՝ Բեթղեհէմի հրեշտակներուն կողմէ աւետուած ու ապա Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ ծանուցուած, Քրիստոսի յաղթական յարութիւնը գերեզմանէն դարձաւ ապաւէնը ու երաշխիքը մարդու փրկութեան: Այլ խօսքով, Քրիստոսի յարութեամբ մարդու փրկութիւնը եղաւ կարելի: Մարդը Քրիստոսի յարութեամբ յաղթեց չարին, շպրտեց իր վրայէն անառակ որդիի ցնցոտին ու հագաւ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը ըլլալու պատմուճանը: Հետեւաբար, փրկութիւնը մարդուն ճիգին արդիւնքը չէ, այլ Աստուծոյ շնորհքն է (Եփ 2.8–9). Աստուած մեզ ընտրեց «որպէսզի իր փրկութիւնը ժառանգենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով» (Ա.Թս 5.9):
*
* *
Սիրելի՛ հայորդի, մեր Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդով լեցուն այս օրերուն դա՛րձեալ ու մի՛շտ յիշէ, որ փրկութեան ճամբան մեղաւոր մարդուն առջեւ բացուեցաւ մահուան վրայ տարած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յաղթանակով: Մի՛շտ յիշէ, որ փրկութեան ճամբան խաչի ճամբայ է, այլ խօսքով՝ սիրոյ ու ծառայութեան ճամբայ: Միթէ այդպէս չեղա՞ւ Բեթղեհէմէն Գողգոթա երկարող Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան ճամբան: Փրկութեան ճամբան նաեւ մեղքի դէմ տարուած յաղթանակի՛ ճամբայ է՝ Քրիստոսի հրաշագեղ յարութեամբ պայծառակերպուած:
Որպէս քրիստոսակեդրոն կեանքի ընթացք, փրկութիւնը այնպիսի կենցաղակերպ է, որուն առանցքը Աւետարանի ճշմարտութիւնները կը կազմեն. այնպիսի մտածելակերպ է, որ իր ընթացքն ու ուղղութիւնը կ’առնէ Աւետարանի սկզբունքներէն ու այնպիսի գործելակերպ է, որ զսպանակուած է Քրիստոսին աշխարհ բերած արժէքներով: Իր արիւնով փրկութեան ճամբան մեր կեանքին դիմաց հունաւորած Աստուծոյ Որդին ըսաւ՝ «աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): Քրիստոսի մեզի պարգեւած յարութեան յաղթանակով մարդը մեղքը յաղթելու զօրութեամբ զինուեցաւ: Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով մարդը նիւթին ու ժամանակաւորին իշխանութիւնը մերժելու եւ դէպի փրկութիւն ընթանալու հոգեկան ներուժով լեցուեցաւ:
Արդ, փրկութիւնը մեղքը յաղթելու ու մեր կեանքը Քրիստոսով լեցնելու ու իմաստաւորելու կեանքի որակ է ու միաժամանակ՝ կեանքի ընթացք: Ո՞վ կրնայ յաղթել մեղքին, ո՞վ կրնայ նուաճել մեղքի իշխանութիւնը, «եթէ ոչ ա՛ն որ կը հաւատայ թէ Յիսո՛ւսն է Աստուծոյ Որդին» (Ա.Յհ 5.5):
Փրկութիւնը սիրոյ ու զոհողութեան ճամբայ է, ուրկէ կոչուած է քալելու խաչեալ ու յարուցեալ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեան: Իր իսկ կեանքի օրինակով քաջ գիտնալով փրկութեան ճամբուն դժուար ըլլալը, Պօղոս Առաքեալ քրիստոնեաներուն կը յորդորէ ըսելով՝ «չըլլայ որ փրկութեան ճամբէն հեռանաք» (Եբր 2.1):
Քրիստոնեայ մարդուն ճամբան փրկութեան ճամբան է՝ Քրիստոսի յարութեամբ բացուած: Քրիստոսը մեր Փրկիչը դաւանող քրիստոնեաներս, Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած ու փրկութեան յոյսով լեցուած ուխտաւորներ ենք դէպի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը ընթացող այդ ճամբուն վրայ:
*
* *
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Նորին Վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը, մաղթելով հայրենակերտ յաջողութիւններով լեցուն գործունէութիւն՝ ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:
Եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք մեր եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Նորվան Արք. Մանուկեանը, եւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը, իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ յարուցեալ Փրկիչին լոյսով պայծառակերպէ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ
31 Մարտ 2012
Անթիլիաս, Լիբանան