Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ քանդակագործ Վարդան Աւէսեան Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը կը քանդակէ մարմարի վրայ: Քանդակին մեծութիւնը պիտի ըլլայ 1.5 մ. լայնք եւ 2 մ. երկայնք: Քանդակը պիտի զետեղուի Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող նախատակաց խորանին վրայ:
Վարդան Աւէսեան ծնած է Երեւան, եւ 19875–էն ի վեր հաստատուած է Պէյրութ.: Ան իր աստուածատուր շնորհքով քանդակագործութեան մարզէն ներս կարեւոր իրագործումներ կատարած է: Ս. Մարիամ Աստուածածնի պատկերը արուեստի իմաստով բացառիկ իրագործում մը կարելի է նկատել: Իր մասին վկայելով ուրիշ արուեստագէտ մը ըսած է՝ ՙմուրճն ու քարը անոր անբաժան ու հաւատարիմ բարեկամները եղած են: Անոր մուրճի ամէն մէկ հարուածին հետ միասին տաշուած ու քանդակուած է նաեւ իր հոգին, կերտելով խոնարհ, ծառայասէր ու աստուածավախ արուեստագէտի մը կերպարը՚: