30 May, 2013

Անթիլիասի Մայրավանքէն եկեղեցական երաժշտութեան նոր խտասալիկ մը լոյս տեսաւ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի աշխատանքները տարբեր մարզեր կը ներգրաւեն: Այդ մարզերէն մէկն է, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր գանձերն ու հոեւոր-երաժշտական հարստութիւնները հրամցնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Առ այդ, երէկ 29 Մայիս 2013-ի երեկոյեան Բաժանմունքին Վարիչ Տնօրէն եւ Կաթողիկոսարանի ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի ղեկավար՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ Երգչախումբի մենակատար՝ Շողիկ Թորոսեան եւ Երգեհոն՝ Յասմիկ Գասպարեան, Քրիստոնաէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած ՙՄեղեդիներ, Տաղեր եւ Գանձեր՚ խտասալիկը յանձնեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ստանալով Անոր օրհնութիւնն ու քաջալերանլի խօսքը:  

 

Սոյն Խտասալիկը իր մէջ կը պարունակէ Հայ եկեղեցւոյ մեղեդիներէն, տաղերէն ու գանձերէն խնկաբոյր փունջ մը, զորս մենակատարը իր մեղանոյշ ձայնով ու անձնադրոշմ գարւչութեամբ ներկայացուցած է ունկնդիրներուն:  

 

Երգեցողութիւնը կատարուած է լիբանանահայ սոփրանօ եւ Կաթողիկոսարանի ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ երգչախումբի մենակատար՝ Շողիկ Թորոսեանի կողմէ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Յասմիկ Գասպարեանի: 

 

Անոնք որոնք կը փափաքին ունենալ, կրնան դիմել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գրատուն, Անթիլիաս: Փափաքելի է, որ դպիրները, սարակաւագները եւ դպրաց դասերու անդամները ունենան այս խտասալիկէն, որպէսզի երգեցողութիւնը կարենան ճիշդ կերպով կատարել իրենց ծառայած եկեղեցիներէն ներս:     

More News