22 May, 2013

ՙՀակառակ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնք վճռած են մնալ Միջին Արեւելքի մէջ՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի 22 Մայիս 2013-ի առաւօտուն, Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ ՙՄիջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնէական Ներկայութիւնը ու Վկայութիւնը՚ կարգխօսը կրող միջազգային համագումարին: Համագումարը կազմակերպուած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ: Անոր կը մասնակցին շուրջ 200 հոգի՝ Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, հիւսիսային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:

 

Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ, զոր կարդաց Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շեշտէ քրիստոնեայ համայնքներուն ամուր կապուածութիւնը Միջին Արեւելքին եւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան: Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. ՙՀաւաքուած էք աշխարհի բոլոր կողմերէն, միասնաբար խորհրդակցելու ընդհանրապէս շրջանէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ: Արդարեւ, քրիստոնէութեան պատմութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս եղած է տառապանքի ու նահատակութեան, սակայն միշտ վկայութեան ու հոգեւոր ու մարդկային արժէքներու ու սկզբունքներու յաւերժացման ի խնդիր պայքարի պատմութիւն: Այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս գոյատեւած է՝ հաւատարիմ Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն. հաւատարիմ՝ Քրիստոսի պատգամին: Այսօր եւս եկեղեցիները կը գտնուին լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Յուսահատութիւնը միշտ հեռու է մնացած մեր կեանքէն, մեր կեանքին ու գործին նշանաբանը եղած է ու կը մնայ յոյսը: Ատելութիւնը երբեք տեղ չէ գրաւած մեր կեանքին մէջ, մեր կեանքի ճանապարհը եղած է ու կը մնայ սիրոյ ճանապարհը: Պարտուողականութիւնը երբեք մաս չէ կազմած մեր կեանքին, հաւատքն է եղած ու կը մնայ մեր կեանքին ու գործին առանցքը: Հաւատքով, յոյսով ու սիրով վերանորոգուած ու գօտեպնդուած մենք պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս:

 

Դարեր շարունակ Միջին Արեւելքէն ներս մենք գոյակցեցանք իսլամութեան հետ: Ճի՜շդ է, երբեմն մեր յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ որոշ զգայնութիւններ յառաջացան. սակայն հասարակաց արժէքներ ու սկզբունքներ ունեցող իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը միշտ գոյակցեցան ու պիտի շարունակեն իրենց խաղաղ գոյակցութիւնը նո՜յն ոգիով ու փոխադարձ յարգանքով ու վստահութեամբ: Քրիստոնէութիւնը ու իսլամութիւնը կը պատկանին Միջին Արեւելքին: Միջին Արեւելքը ծննդավայրն է միաստուածեան այս երկու կրօններուն: Որպէս նոյն շրջանին պատկանող կրօններ, որպէս համաքաղաքացիներ, մենք պիտի շարունակենք մեր գոյակցութիւնն ու գործակցութիւնը: Որպէս քրիստոնեաներ պիտի շարունակենք մեր պարտաւորութիւնները լիովին կատարել ու միաժամանակ տէր կանգնիլ մեր քաղաքացիական, համայնքային, կրօնական ու ազգային իրաւունքներուն: Մենք կ’ողջունենք արեւմտեան մեր քոյրերու ու եղբայրներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը ու զօրակցութիւնը Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն նկատմամբ:

 

Մենք կ’ողջունենք Վատիկանի ու Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին շարունակուող զօրակցութիւնը շրջանի քրիստոնէութեան նկատմամբ: Սակայն, միաժամանակ կ’ուզենք շեշտել, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւնը տալը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա մեր եկեղեցիներուն առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է: Մեր սպասումն է, որ արեւմտեան եկեղեցիները միշտ մնան աջակից ու գործակից շրջանի եկեղեցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան աւելի ազդու միջոցներով իրենց քրիստոնէական առաքելութիւնը կատարել՚:

 

Յայտնենք, որ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը համագումարին կողմէ:

More News