ՙԹուրքիայէն կը պահանջենք մեր եկեղեցիներու ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը՚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ապրիլ 24–ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին, Նահատակաց Մատրան առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հոծ բազմութեան իր պատգամը ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը նախ անդրադարձաւ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին հաւատարիմ մնալու հրամայականին, եւ ապա ըսաւ՝ ՙ1915–ին մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափուեցաւ: Միթէ կարելի՞ է լուռ մնալ ազգի մը նկատմամբ թուրք պետութեան կողմէ կազմակերպուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան դիմաց: Մեր ժողովուրդին սեփականութիւնը եղող եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներ, տուներ, հողեր, ինչքեր, ինչպէս նաեւ մշակութային ու կրօնական մեծ արժէք ունեցող իրեր ու նիւթական հսկայ հարստութիւն բռնագրաւուեցաւ կամ ոչնչացաւ ցեղասպանին կողմէ: Միթէ կարելի՞ է անտարբեր մնալ այս համամարդկային ոճիրին դիմաց՚:

 

Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառը ըսաւ՝ ՙկարդացէ՜ք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնագրութիւնը, սերտեցէ՜ք Մարդկային Իրաւանց Հռչակագիրը, ուսումնասիրեցէ՜ք միջազգային ու միջ–պետական ուխտերն ու օրէնքները. յստակօրէն պիտի տեսնէք թէ ցեղասպանութիւնը ո՜չ միայն մարդկային իրաւանց սկզբունքներու խախտում է, այլ անառարկելի ոճիր է միջազգային օրէնքին համաձայն: Հետեւաբար, ոճրագործը պէտք է իր արդար պատիժը ստանայ միջազգային ատեանի կողմէ եւ ոճիրին զոհ դարձած ժողովուրդին պէտք է հատուցում տրուի: 20–րդ դարու հրէական հոլոքոստը եւ 21–րդ դարու Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը շօշափելի օրինակներ են՚:

 

Խօսելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մասին, Վեհափառը շեշտեց, որ պահանջատիրական մեր պայքարը զիրար հզօրացնող ու ամբողջացնող երեք ուղղութեամբ պէտէ է յառաջ տարուի.– ՊԱՏՄԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ու ԻՐԱՒԱԿԱՆ, եւ աւելցուց՝ ՙՊատմական ծիրէն ներս կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան անցնող տարիներուն: Լուրջ ու համապարփակ ուսումնասիրութիւններ եղան հայկական, թրքական թէ օտար աղբիւրներու լայն օգտագործումով: Օտար հայագէտներ ու պատմագէտներ կարեւոր նպաստ բերին այս ուղղութեամբ: Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս 20–րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը այլեւս փաստերու կարիքը չունի: Որքան ալ Թուրքիան ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը, որքան ալ ան ժխտողական քաղաքականութիւնը ծաւալէ իր պետական լայն կարելիութիւններու օգտագործումով, հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անժխտելի իրողութիւն է: Տակաւին չբացուած թղթածրարներ կը գտնուին մանաւանդ թրքական եւ եւրոպական արխիւներուն մէջ, որոնք կը կարօտին ուսումնասիրութեան՚:

 

Խօսելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն հետեպնդման քաղաքական երեսի մասին, Վեհափառը յիշեցուց, որ ՙանցնող տասնամեակներուն սփիւռքի մէջ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, եկեղեցին ու Հայ Դատի մարմինները հսկայ աշխատանք կատարեցին թէ՜ քարոզչական եւ թէ քաղաքական–պետական յարաբերութեանց իմաստով: Այս աշխատանքներուն նոր ծաւալ ու որակ տուաւ վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանի պետութիւնը՝ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ յատուկ տեղ յատկացնելով հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին: Այս բնագաւառէն ներս եւս աշխատանքները պէտք է շարունակուին վերանորոգ թափով եւ մարտավարական ու ռազմավարական նոր մօտեցումներով՝ նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները, ցեղասպանին հետզհետէ հզօրացող ներկայութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս, անոր ընդարձակուող յարաբերութեանց ցանցը Արեւմտուքին հետ, միջազգային համայնքէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումները եւ հայ դատին նկատմամբ կարգ մը պետութիւններուն դրական թէ վերապահ մօտեցումները՚:

 

Հայրապետական իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման իրաւական երեսին վրայ, ու ըսաւ.– ՙառանց անտեսելու յիշեալ բնագաւառները, ժամանակն է որ առաջնահերթութիւն տրուի իրաւական մարզին: Այսօր միջազգային համայնքէն ներս մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար, մեր դատին իրաւական տեսանկիւնէն մօտեցումը հրամայական է՚: Ապա Վեհափառը անդրադարձաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատկանող  կալուածներուն. ՙկ’ուզեմ որ մեր ժողովուրդի զաւակները իմանան, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայ ժամանակներու արժեչափով գնահատուած հսկայ գումարներ արժող եկեղեցապատկան կալուածներ ունեցած է Կիլիկիոյ մէջ. օրինակ, Սիսի մէջ 7 եկեղեցի, Ատանայ 12 եկեղեցի, Հաճըն 8 եկեղեցի, Բայաս 11 եկեղեցի, Մարաշ 24 եկեղեցի,  Զէյթուն 14 եկեղեցի, Ֆրնուզ 10 եկեղեցի, Այնթապ 6 եկեղեցի, Ալեքսանտրէթ 9 եկեղեցի, Մալաթիա 23 եկեղեցի, Եոզկաթ 43 եկեղեցի, Կիւրին 26 եկեղեցի. այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել 15 վանքեր եւ հարիւրաւոր դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, ինչպէս նաեւ եկեղեցապատկան ագարակներ, խանութներ եւ ջրարբի կալուածներ: Տակաւին նկատի չունիմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն սեփականութիւնը եղող հարիւր հազարաւոր տուներ, կալուածներ ու նիւթական հսկաԷյ հարստութիւնբ՚:

 

Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս հարց տուաւ.– ՙՄիջազգային համայնքին աչքերուն դիմաց մարդկային իրաւունքները ամբողջութեամբ ոտնակոխող Թուրքիան ինչպէ՞ս տակաւին կրնայ ինքզինք թեկնածու նկատել Եւրոպական համայնքի. ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինք մարդկային իրաւունքներու ու ժողովրդավարական սկզբունքներու տիպար ներկայացնել. տակաւին ինչպէ՞ս կրնայ ինքզինք կրօններու ու համայնքներու համակեցութեան ջատագով ներկայացնել՝ երբ տակաւին կ’ուրանայ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ եկեղեցիներ մզկիթի կը վերածէ եւ ժողովուրդի մը ազգային թէ սեփական կալուածները կ’իւրացնէ: Միջազգային օրէնքի եւ կրօնական ու բարոյական սկզբունքներու ու արժէքներու խոտոր համեմատող Թուրքիոյ ընթացքը երբեք իրեն բարի վարուց վկայագիր չի կրնար ապահովել, պէտք չէ ապահովէ՝ որքան ալ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաները ի նպաստ իրեն ըլլան՚: Ու ապա աւելցուց՝ ՙժամանակն է, որ մեր ազգը՝ Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցական կառոյցները ու մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները միացեալ ճիգով դիմեն  իրաւական ազդու միջոցներու, պահանջելով մեր եկեղեցապատկան կալուածները, որպէս առաջին հանգրուան մեր պահանջատիրական պայքարին: Սա մեր նահատակներուն պահանջն է ու մեր ազգին անբռնաբարելի իրաւունքը: ՙԱհա ա՜յս յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին, ,–ըսաւ Վեհափառը,– մեր եկեղեցին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետով միացեալ կոչ մը հրապարակեց, եւ պահանջեց՝ 1) Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում.՚2) Ամբողջական հատուցում հայ ժողովուրդի կրած կորուստներուն եւ մարդկային ու ազգային բռնագրաւուած իրաւունքներուն. ՙ3)  Հայկական եկեղեցիներուն, վանքերուն ու եկեղեցապատկան կալուածներուն եւ հոգեւոր ու մշակութային արժէք ներկայացնող իրերուն անյապաղ վերադարձը հայ ժողովուրդին, որպէս անոնց իրաւատէրը՚:

 

Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամը եզրափակեց հետեւեալ բառերով.– ՙԵրջնկ. Սահակ Կաթողիկոս բռնի կերպով Կիլիկիոյ Սիս քաղաքի իր դարաւոր Կաթողիկոսարանէն հեռացուեցաւ: Մեր ժողովուրդի զաւակները մարդկային ամենէն վատ միջոցներով ջարդուեցան ու դուրս նետուեցան իրենց եկեղեցիներէն, դպրոցներէն, տուներէն, կալուածներէն: Հետեւաբար, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, ինծի համար սրբազան պարտաւորութիւն կը նկատեմ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պահանջել, իրաւական թէ քաղաքական միջոցներով, մեր եկեղեցիներն ու եկեղեցապատկան կալուածները ներկայ Թուրքիայէն, որ օրինաւոր յաջորդն է մէկուկէս միլիոն հայ ջարդած եւ հայութեան կալուածները եւ մշակութային ու կրօնական արժէք ներկայացնող իրերն ու հարստութիւնները իւրացուցած Օսմանեան Թուրքիոյ՚: