ՙՔրիստոսի Յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է՚, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի 31 Մարտ 2013-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք հաւաքուած էին բազմաթիւ հաւատացեալներ, մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ տօնախմբելու համար մեր Տիրոջ ու Փրկիչին հրաշափառ յարութիւնը։ Պատարգաը մատոյց Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը՝ «Քրիստոսի յարութիւնը արդարութեան յաղթանակն է» բնորոշումը տալով Քրիստոսի յարութեան: Խօսելով Աստուծոյ ստեղծագործութեան…