ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԱԶԳ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ
(12–15 Յունիս 2013)
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ Է
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին նախագահութեամբ գումարուող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, իր քննարկումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու որոշումներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուց Սուրիահայութեան: Արդարեւ, Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդր. Վարչութեան կողմէ տրուած զեկոյցներու, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակներու փոխանցած տեղեկութիւններուն ու մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն ազնիւ ուշադրութեան կարեւորութեամբ կ’ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.–
1.– Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը բարձր գնահատանքով կ’ողջունէ Սուրիահայութեան ցուցաբերած միասնական ոգին, Սուրիական հայրենիքին ամրօրէն կապուած մնալու ու իր համայնքային իրաւունքներուն տէր կանգնելու հաւաքական վճռակամութիւնը: Ժողովը իր խոր գնահատանքը կը յայտնէ Սուրիոյ հայութեան ծառայութեան լծուած մեր հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն ու գաղութի կեանքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներուն, որոնք հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած դժուար պայմաններուն, նուիրումով իրենց կարելին կ’ընեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն ընդառաջելու:
2.– Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ անցնող շուրջ երկու տարիներուն Սուրիահայութեան զօրակցութեան ու օժանդակութեան գծով Վեհափառ Հայրապետին ու Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան տարած հետեւողական աշխատանքներուն: Ան նաեւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ մեր թեմերուն, գաղութներուն, կազմակերպութիւններուն ու անհատ ազգայիններուն Սուրիահայութեան օգնութեան գծով իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
3.– Սուրիահայութիւնը ո՛չ միայն պատմական ու կազմակերպուած համայնք է, այլ նաեւ իր կարեւոր տեղը ու դերը ունի Սփիւռքի Հայ կեանքի մշակութային, կրթական, մարզական, տնտեսական ու պահանջատիրական մարզերէն ներս: Հետեւաբար, Սուրիահայ գաղութի վերականգնումը կը նկատենք համազգային առաջնահերթութիւն: Այս համոզումով հարկ է մեր ամբողջական ու անվերապահ զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտել Սուրիահայութեան նկատմամբ:
4.– Մեկնելով այս իրողութենէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սուրիահայութեան օժանդակութեան հանգանակութեան կոչ ուղղեց: Մեր ժողովուրդի զաւակները սիրով ընդառաջեցին Վեհափառ Հայրապետի կոչին: Հաւաքուած գումարները Կաթողիկոսարանի ճամբով հանգրուանային կերպով փոխանցուեցան Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմինին: Մեծապէս հրամայական է որ այս գործընթացը շարունակուի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն:
5.– Սուրիոյ մեր համայնքը միշտ կը մնայ երախտապարտ սուրիական հայրենիքին ու իր ժողովուրդին: Մեր ժողովուրդը երբեք չի մոռնար որ Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութենէն ետք Սուրիոյ ժողովուրդը ընդունեց մեր բազմահազար զաւակները: Սուրիահայութիւնը միշտ կը մնայ սուրիացի ժողովուրդի կողքին, ջատագով՝ արդարութեան, խաղաղութեան ու քրիստոնեայ–իսլամ համակեցութեան ու միշտ պատրաստ՝ իր գործօն ու ամբողջական մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան ձգտող աշխատանքներուն:
6.– Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը կը վստահեցնէ Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդին, որ այս Սուրբ Աթոռը իր թեմերով ու կազմակերպութիւններով կը մնայ զօրակից ու աջակից: Վստահ ենք, որ Սուրիոյ մեր սիրելի քոյրերն ու եղբայրները պիտի ամրապնդեն իրենց ներքին միասնակամութիւնը, պիտի խորացնեն իրենց հաւաքական հաւատքը ու կռանեն իրենց կամքը՝ ի խնդիր Սուրիահայութեան վերականգնումին ու վերածաղկումին: